Լուրերու Արխիվ
 
Շնորհիւ մեր հայրենակիցներուն եւ համակիրներուն անսակարկ նուիրումին եւ վստահելիութեան հանդէպ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին՝այսօր կու գանք յայտարարելու թէ մեր գիւղի բնակիչներէն պրն. Ալեք Տումանեան 50 միլիոն լ.ո. ասպետական նուէրով մը մասնակից կը դառնայ մեր գիւղին այս դժուարին օրերու դիմագրաւած աշխատանքին:
Իր փափաքով սոյն գումարը պիտի տրամադրուի գիւղիս հաւելեալ կարիքաւոր 100 ընտանիքներու հաւասարապէս Ս. Զատկուան տօնին նախօրեակին:
Կոմիտէի եւ համայն Այնճարի անունով պրն. Ալեք Տումանեան ընդունեցէք մեր շնորհակալութիւնները մաղթելով ձեզի առողջութիւն եւ բեղումնաւոր գործունէութիւն:
ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէ
?>