Սրտի խոր վիշտով կը գուժենք Դաշնակցական վաստակաշատ ընկեր Ազգային ու հասարակական մեծ գործիչ՝ ընկեր Ցոլակ Թիւթելեանի մահը։
Ողբացեալ ընկերոջ Այնճարի մէջ թաղուելու փափաքը կտակած էր ինք անձամբ՝ շատոնց։
Ուստի Անթիլիասի մայրավանքին մէջ թաղման կարգի արարողութիւններն ու յարգանքի պատշաճ վերաբերմունքը աւարտելէն ետք, կը նախատեսուի որ թափօրը Այնճար հասնի կէսօրուայ ժամը շուրջ 2։00ին, որպէսզի կեդրոնական հրապարակէն ուղղուելով առաջնորդուի դէպի Այնճարի գերեզմանատուն։
Այնճարի նկատմամբ հանգուցեալ ընկերոջ վաղուց ունեցած սէրն ու կապուածութիւնը, գիւղին մէջ կազմած է զինք յարգողներու ընդարձակ շրջանակ մը։
Բոլոր անոնք որոնք կ'ուզեն իրենց յարգանքի վերջին տուրքը մատուցել կրնան մասնակցիլ թափօրին։
Ծանօթ.- կը խնդրուի ընկերային հեռաւորութիւնները պահել.
Փոխան ծաղկեպսակի գումարները պիտի յատկացուին ԿԱՄՔ-ին։
20 Ապրիլ 2021

Reach