《Հայ մայրը հոմանիշն է յաւիտենական արժէքներու ու երկնատուր արժանիքներու, գերագոյն իտեալներու ու նուիրական ձգտումներու, վեհ առաքելութիւններու եւ ամուր սկզբունքներու։
Հայ մայրը պատուանդանն է մեր գոյութեան, աղբիւրը մեր զօրութեան, միջնաբերդը մեր ինքնութեան ու ներշնչարանը մեր պայքարին》։