Լուրերու Արխիվ
 
31 Յուլիս 2021
Սիրելի հայրենակիցներ
Կ'ուզենք ձեր ուշադրութեան յանձնել թէ Վերջին օրերուն մեր գիւղէն ներս զգալի է "քորոնա" համաճարակի թիւի որոշակի աւելացում։ Այս գծով կը թելադրենք ըլլալ զգոյշ , նոյնիսկ անոնք որոնք նախապես վարակուած են կամ ստացած են այս հիւանդութեան պատուաստը կրնան հանդիասանալ միջնորդներ վարակի տարածման հանար։ Ուստի կը թելադրենք հանրային վայրերուն մէջ անպայման կրել դիմակ եւ իրարմէ պահել որոշ հեռաւորութիւն մը։
Անոնք որոնք վարակուած են կամ կը զգան հիւանդութեան նշաններ անպայման պարտին կապ հաստատել մարմնիս հետ հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերուն `
քաղաքապետարան.ի 08/620790
ԼՕԽ._ի դարմանատուն .08/621946
ՀՅԴ 《Կարմիր Լեռ》 կոմիտէի Այնճարի 《Քորոնա》ի Համաճարակի Յանձնախումբ
22272035974241981809553542664426350621316608n
-5-2021
22560290474241946242890432857751454510350082n
2256035217424195124288993315573750060931920n
22363539574241954176222977050522291635722040n
22537269274241975009554225419789553600916993n
22565480474241955976222798057294286300515140n
22450675974241966542888401454881036746225480n
22438023674241964709555258741981915621724553n
22248330374241960909555634983565526881275544n
22430909274241958742889184165930016738749312n
2223514417424197197622119533551693040411806n
22169223474241977109554013899178885945629045n
225358242742419787095538510694669656118090n
22169006774241969109554811220748040489650125n
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին երեքշաբթի, 27 յուլիս 2021-ին, «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի 5 հերոսներու գործողութեան 38-ամեակի ոգեկոչում:
Նահատակներու յուշարձանին դիմաց տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` ի յիշատակ Լիզպոնի գործողութեան 5 հերոսներուն, այնուհետեւ ոգեկոչման հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մեղեդի Թոփալեան, որ անդրադառնալով Լիզպոնի մէջ 1983 թուականին տեղի ունեցած իրադարձութեան, ըսաւ, թէ պարզապէս ծրագիր մը չէր, այլ յեղափոխական բանակի գործողութիւն մը, որ մաս կը կազմէր Հայ դատի պահանջատիրական պայքարին, կամքին, հաւատքին եւ կը ներկայացնէր հայ ժողովուրդի յարատեւ վերելքի մէկ մեծ փաստը: Մարտնչումի եւ մարտիրոսութեան ռումբի հզօր դղրդիւն էր Լիզպոնի թրքական դեսպանատան ականահարման գործողութիւնը: Ան իր խօսքը շարունակեց եւ ըսաւ, որ 38 տարիներ առաջ իրենք զիրենք ռումբի վերածած հայդուկները նոր չափանիշներ գծեցին: Մեր Լաւագոյն երիտասարդներէն կոկոն ծաղիկներով կազմեցինք փունջ մը. անոնք ռումբի փոխարէն իրենց դեռատի սրտերը պայթեցուցին` դղրդացնելով համայն մարդկութեան սիրտն ու խիղճը: Իր խօսքը աւարտելով Թոփալեան ըսաւ, թէ մենք` իբրեւ դաշնակցական երիտասարդներ, կու գանք վստահեցնելու, որ Լիզպոնի 5 հերոսներուն կողմէ մեզի վստահուած գործը պիտի շարունակենք: Այսօր` 38 տարիներ ետք Լիզպոնի պատգամը կը մնայ նոյնը` «Պայքար յանուն արդարութեան»: Այո՛, Արցախի մէջ տեղի ունեցած 44-օրեայ պատերազմով մենք ունեցանք յայտնի եւ անյայտ, երիտասարդ նահատակներ, որոնք նոյն Լիզպոնի 5 տղոց նման ձգեցին ամէն բան եւ գացին մեր հողերուն պաշտպանը դառնալու: Պայքարեցանք եւ աւելի եւս պիտի պայքարինք առանց յուսահատելու` իրականացնելու համար մեր ուխտը, որն է վերադարձնել մեր բռնագրաւուած հողերը եւ իրականացնել ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականը:
Բացման խօսքին յաջորդեց Լիզպոնի 5 հերոսներուն յիշատակին նուիրուած երգը. ասմունքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղէն Նարէ Փիլաւճեան` երգեցողութեան ընկերակցութեամբ ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութենէն Կալի Գալուստեանի, Գետակ Այնթապլեանի եւ Սէրլի Ադամեանի:
Ապա, օրուան պատգամը ուղղեց ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի անդամ Եսայի Հաւաթեան, որ ըսաւ. «Եղեռնի յիսնամեակէն ետք, սփիւռքի հայութիւնը այլեւս յոյս չդրաւ խնդրագիրներու, բողոքներու եւ ցոյցերու վրայ, այլ մտածեց վերադառնալ իր յեղափոխական աւանդներուն եւ պարտադրել, որ Հայկական հարցը դրուի օրակարգի վրայ եւ ստիպել մտածել արդարութեան մասին: Զինեալ պայքարի վերադարձով խանգարուեցաւ թշնամիին, ինչպէս նաեւ միջազգային պետութիւններուն հանգիստը, անոնք ստիպուած եղան հաշուի նստիլ այս ժողովուրդին պահանջներուն հետ, այս շարժումին փառաւոր պսակն է Լիզպոնի գործողութիւնը, որ ցնցեց քաղաքական շրջանակները: Հաւաթեան իր խօսքը շարունակելով ըսաւ. «Այո՛, Լիզպոնի տղոց թափած արիւնով աւելի քանդուեցաւ այդ լռութեան պատը, որ տասնամեակներ շարունակ գոյատեւած էր, եւ քանի մը տարի ետք տարբեր երկիրներ սկսան ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ատիկա մենք կը պարտինք մեր հերոս տղոց, որոնք վերադարձուցին մեր ազգին փառքն ու պատիւը: Լիզպոնի տղաքը շատ թելադրանքներ ունին մեզի. ազգը սիրեցէ՛ք, հայը սիրեցէ՛ք, Հայաստանը սիրեցէ՛ք, պատրաստ եղէ՛ք ազգին համար պայքարի եւ Հայաստանը ամէն բանէ վեր»:
Ան անդրադառնալով անցեալ տարի Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրողութիւններուն ըսաւ, թէ ազգը կը գտնուի ճգնաժամի մէջ, յուսահատութիւնը համատարած կ՛ըլլայ եւ թշնամին առիթը օգտագործելով կը փորձէ թափանցել Հայաստանի սահմաններէն ներս, սակայն նայելով հայոց պատմութեան, հայութիւնը միշտ կրցած է դուրս գալ իր յուսահատ վիճակէն, շնորհիւ սրբազան խենթերուն:
Եսայի Հաւաթեան իր խօսքը աւարտելով ըսաւ. «Եկէ՛ք ուխտենք, որ արժանի պիտի ըլլանք Լիզպոնի քաջերուն` այսօր, վաղը եւ յաւիտեան»:
Կոմիտէի խօսքին յաջորդեց մասնաճիւղի եւ ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան անդամներուն կարճ ներկայացումը` Լիզպոնի 5 տղոց մասին:
Այնուհետեւ 5 պատանիներ` Վարանդ Այվազեան, Արսէն Տէր Ղուկասեան, Ռուբէն Քիւրտեան, Արինա Աբրահամեան եւ Արենի Այնթապլեան ներկայացուցին Լիզպոնի 5 տղոց խօսքերը, ապա հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ Նշան Վարդանեան: ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղը յուշանուէրներ յանձնեց Լիզպոնի 5 հերոսներու` ձեռնարկին ներկայ ընտանիքներու անդամներուն:
Աւարտին, ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբին, տեղի ունեցաւ քայլարշաւ դէպի Ս. Պօղոս եկեղեցի, ուր նաեւ «Վէրքերով լի» երգին երգեցողութեամբ վառուեցաւ «1983» թիւը խումբ մը ԼԵՄ-ականներու ջահերով:
 
?>