Շաբաթ 7 Օգոստոս 2021-ին կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ . ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի եւ ՀՄԸՄ Այնճարի ֆութպոլի յանձնախումբին երեկոյեան ժամը 6։00-ին ՀՄԸՄ Այնճարի մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ բարեկամական ֆութպոլի մրցում, ի յիշատակ զինեալ պայքարի Ա. ազատամարտիկ՝ Պետիկ Ինճէեան-ին։
Այս մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի ընկերներուն եւ ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի մարզիկներուն միջեւ։



