Սիրելի հայրենակիցներ,
Ինչպէս արդէն կը տեսնէք, քորոնա համաճարակի վիճակը գիւղէս ներս դարձած է ահազանգային։ Այս ուղղութեամբ խստիւ կը թելադրենք ըլլալ զգոյշ ու մինչեւ յաջորդ չորեքշաբթի (9 փետրուար 2022 ներառեալ)դադրեձնել բոլոր տեսակի հաւաքներն ու հանդիպումները, փակ պահել դպրոցները, դասաւանդութիւները կատարել առցանց իսկ խանութներէն գնումներ կատարել առանց ներս մուտք գործելու ։
Կը թելադրենք նաեւ դադրեցնել ընկերային ու ընտանեկան հաւաքները ու կարելի եղածին չափ դուրս չգալ տուներէն։
Քորոնայի հետ կապուած որեւէ հարցի կամ օգնութեան համար կապ պահեցէք յանձնախումբիս հետ հետեւեալ հեռաձայնի թիւերուն միջոցով `
ԼՕԽ ։ 08621946
Քաղաքապետարան : 08620790
Ոստիկանութիւն ։ 08620791-81396488
3/2/2022
Այնճարի Քորոնա համաճարակի Յանձնախումբ