Լուրերու Արխիվ
Հովանաւորութեամբ Արցախի կրթութեան, գիտութեան,մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, Կիրակի 3 Ապրիլ 2022-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Այնճար ժամանեցին Արցախէն խմբակ մը պատանիներ, առաջնորդութեամբ ՋԱՀ-ի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն:
Պատանիները ներկայ գտնուեցան «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ եկեղեցական արարողութեան, որմէ ետք Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական եւ համացանցի յանձնախումբին հետ, հերթաբար այցելեցին ՝ Արցախի 44-օրեայ պատերազմի նահատակ Գէորգ Հաճեանի բնակարանը, Մուսա Լեռ-Այնճարի ազգագրական թանգարանը, Այնճար «Արթ Կալըրի»ն, «Պօղոս Սնապեան» տուն թանգարանը, Այնճարի պատմական բերդը եւ վերջապէս «Ս. Զէյթլեան» կեդրոն:
Ապա կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական եւ համացանցի յանձնախումբին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Ղօղանջ վերապրումի» երաժշտական ձեռնարկը:
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ:
ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական եւ համացանցի յանձնախումբի կողմէ բացման խօսքը արտասանեց յանձնախումբի նախագահ՝ Տոքթ. Խաժակ Այնթապլեան: իր խօսքին մէջ ան հաստատեց թէ «Արցախը վերապրումի կարիք չունի, որովհետեւ Արցախը անմահ է: Վերապրումի այս ղօղանջը մեզի համար է, մեզ ապրեցնելու համար է, Արցախով ապրելու համար է, Արցախը չմոռնալու եւ Արցախը չլքելու համար է: Արցախը մեր յաղթանակի խորհրդանիշն է, որ թէեւ այսօր վիրաւոր է, սակայն բնաւ պարտուած չէ: Պարտուածը այսօրուան իշխանութիւնն է, որ անցողակի է, փոփոխական է»:
Յայտագիրը ունկնդիրներուն ներկայացուց խմբավար եւ երաժիշտ Զաքար Քէշիշեան եւ իւրաքանչիւր մասնակիցի մասին տեղեկութիւններ փոխանցելով հրաւիրեց զիրենք ելոյթի:
Ձեռնարկին ելոյթ ունեցան դաշնակահար՝ Նատիժտա Յակոբեան, երգ՝ Աննա Դանիլովա, Կարէն Յարութիւնեան, Վլատիմիր Գալստեան, ասմունք՝ Լիա Մանասեան, քանոնահար՝ Աստղիկ Յովհաննէսեան, տհոլահար՝ Տիգրան Աւագեան, շեփորահար՝ Արսէն Սաֆարեան եւ տուտուկահար՝ Կարէն Եսայեան:
Աւարտին խօսք առաւ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան,մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութան ներկայացուցիչ՝ Արմէն Յովսէփեան: Ան պատգամեց որ «մենք մեր յոյսը միայն պիտի վստահինք Աստուծոյ, եւ շարունակենք ազատ ապրիլ Արցախի հողին վրայ»: Ապա իր երախտագիտական խօսքերը ուղղեց ՋԱՀ-ի յանձնախումբին որ Լիբանանի այս տագնապալի կացութեան հիւրնկալեց Արցախի պատանիները եւ յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Այնճարի ժողովուրդին որ ջերմօրէն քաջալերեց ձեռնարկը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, եւ բեմ հրաւիրելով կոմիտէի ներկայացուցիչը` յուշանուէր մը յանձնեց անոր:
Աւարտին Արցախի պատանիները հաւաք մը ունեցան «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնէն ներս Այնճարի ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան երէց պատանիներուն հետ, խանդավառ պահ մը ունենալով:
Պատանիները Այնճարէն մեկնեցան վառ յիշատակներով:
?>