Այսօր՝ Կիրակի 10 Ապրիլ 2022-ին,Այնճարի երեք համայնքներու եկեղեցիները նշեցին, Յիսուս Քրիստոսի փառաւոր ու յաղթական մուտքը դէպի Երուսաղէմ, որ ծանօթէ որպէս Ծաղկազարդ:
Այնճարի Հայ Առաքելական «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցական արարողութիւն՝ որուն ընթացքին պատարագեց եւ քարոզեց Գերպ. Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեան, որմէ ետք հաւատացեալ ժողովուրդը ձիթենիի ճիւղերով եւ մոմերով հետեւեցաւ ծաղկազարդի թափօրին որ շրջեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակը:
Այնճարի Հայ կաթողիկէ «Ս. Աստուածածնայ Տիրամայր» եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց հայր Մեսրոպ. Վրդ. Թօփալեանը: Եկեղեցական արարողութեան աւարտին ծաղկազարդի թափօրը շրջեցաւ եկեղեցւոյ բակը:
Այնճարի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին ծաղկազարդի երգեր եւ կենդանի պատկերներ, իսկ տօնին պատգամը փոխանցեց` պատուելի Յակոբ Աքպաշարեան։