Լուրերու Արխիվ
 
Ոռոգման ջուրի յանձնախումբս ուրախութեամբ կը յայտնէ թէ՝ այս տարեշրջանին, առատ անձրեւներու պատճառով, ոռոգման ջուր մատակարարելու դժուարութիւններ չկան:
Յանձնախումբս կը քաջալերէ բոլոր մշակները եւ իրենց տարած աշխատանքը արդիւնաւէտ դարձնելու համար
կը փոխանցէ հետեւեալները .-
ա.- Նկատի ունենալով գաղթակայաններու մեծաթիւ ըլլալը եւ այդ պատճառով ստեղծուած ոտնձգութիւնները մեր արտերուն մէջ , կը խնդրուի մեր հայրենակիցներէն աւելի ներկայութիւն ըլլալ եւ տիրութիւն ընել պարտէզներուն:
բ.-Գանալները մաքուր պահել եւ զերծ պահել կերպնկալներէն եւ պարապ դեղի տուփերէն: ինչպէս նաեւ աւելորդ ցախերը եւ չորցած խոտերը չդրուին ջուրի գանալներուն մէջ:
գ.-Նկատի ունենալով որ մեր գանալներու երկաթէ ջուրի դռները )Գաբսալխները( գողցուած են, իւրաքանչիւր պարտիզպան իր պարտէզին ջուրի դուռը ինք պէտք է շինէ իսկ յանձանխումբը յանձն պիտի առնէ փախող ջուրի արուները եւ անցքերը մաքուր պահել :
դ.-Հայրենակիցներ արգելք պէտք է հանդիսանան հովիւներուն որպէսզի իրենց արտերը կենդանիները չ՝արածին ինչ որ վնաս կը հասցնէ նաեւ դրացի պարտէզներուն:
ե.-Այն հայրենակիցները որոնք փախող ջուրի արուները )քաչախները( կը գոցեն որ իրենց ցորենը դուրս հանեն պարտին զանոնք ետ բանալ, այլապէս յանձնախումբը հարկադրաբար ինք պիտի բանայ եւ եղած ծախսը պիտի գանձէ հայրենակիցէն:
զ.-Յանձնախումբս կարիքը ունի պարտէզներու ջրաբաշխման պաշտօնեայի մը:
է.-Ամրան եղանակին, յանձնախումբս կարիքը ունի պահակ պաշտօնեաներու պարտէզներու շրջանին մէջ: Պահակութեան աշխատանքը պիտի սկսի Մայիս մէկէն սկսեալ:
ը.- Յանձնախումբը նկատի առած երկրի տնտեսական պայմանները , լիբանանի թղթոսկիին արժէզրկումը եւ յանձնախումբին ծախսերու բազմապատկումը,որոշեց պտղատու պարտէզներուն եւ բանջարեղէններուն թղթիկի սակը` 400.000 Լ.Ո.:
Բոլոր անոնք որ կը փափաքին պաշտօնեայ ըլլալ յանձնախումբիս մօտ, պարտին գրաւոր դիմել յանձնախումբիս մինչեւ 30 Ապրիլ 2022:
Կը խնդրուի մեր հայրենակիցներէն դիւրացնել մեր պաշտօնեաներուն աշխատանքը յարգելով ջրելու կարգը եւ հետեւելով ջուրի ոռոգման :
18/04/2022
Այնճարի ոռոգման ջուրի Յանձնախումբ
?>