Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, շաբաթ 11 Յունիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին ճաշարան «Արեւ»ի մէջ տեղի ունեցաւ «Լիռէոն Խայր» ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը, ներկայութեամբ հոծ բազմութեամբ։
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ` ընկերուհի Բալիկ Գաբրիէլեան, ուր ան բոլորին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ընկերուհի Թամար Շահինեանին որ իր անխոնջ, երկարատեւ, բծախնդիր ու հետեւողական աշխատանքի արդիւնքն է այս ֆիլմը, ապա հաստատեց «պատմատեղեկագրական այս երիզը որ կարելի է նկատել արխիւ, վեր կ'առնէ Մուսա լերան հերոսամարտէն Այնճարի հիմնադրութեան 80 ամեակի ժամանակահատուածի գլխաւոր հանգրուանները»։ Բացման խօսքին յաջորդեց ֆիլմի ցուցադրութիւնը։ Ապա, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչ`ընկեր Յարութ Զէյթլեան եւ տէր Աշոտ քհնյ. Գարագաշեան, յուշանուէրով մը պատուեցին ընկերուհի Թամար Շահինեանը։
Աւարտին ընկերուհի Թամար Շահինեան փոխանցեց սրտին խօսքը։ Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք սատար հանդիսացան ֆիլմի յաջողութեան, ապա ըսաւ «Կ՚ըսեն թէ ամէն չարիքի ետին բարիք մը կայ, եւ ես մեծ հաւատացողն եմ այս խօսքին։ Մանկութենէնս ետք, Իմ առաջին այցելութիւնս Այնճար տեղի ունեցաւ 2018 թուականին, երբ իմ փոքրիկ լուսանկարչական սարքովս փորձեցի առաւելագոյն նիւթեր ապահովել «հայ հորիզոն»ի յայտագրիս համար։ Սակայն տարի մը ետք Այնճարի հիմնադրութեան 80 ամեակի եւ Մուսա լերան հերոսամարտի 104 ամեակին առիթով դարձեալ վերադարձայ Այնճար եւ բոլոր ձեռնարկները նկարահանեցի, եւ որոշեցի պատրաստել վավերագրական այս ֆիլմը»։
ներկաները բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն։