Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ՝ Լիբանանի մշակոյթի նախարար դատախազ Մուհամմատ Մուրդատայի, երեքշաբթի 14 Յունիս 2022-ին, բացումը կատարուեցաւ Այնճարի բերդի գլխաւոր մուտքին,
Ներկայութեամբ՝ Լիբանանի ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիկեանին, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, Այնճարի քաղաքապետին, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն, միութեանց ներկայացուցիչներուն եւ մեծ թիւով հայրենակիցներու:
Գլխաւոր մուտքի յուշատախտակի բացման արարողութենէն եւ ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի փողերախումբի Լիբանանի քայլերգի նուագէն ետք խօսք առաւ Այնճարի քաղաքապետ՝ ընկեր Վարդգէս Խօշեան, ուր ըսաւ «այս առիթը երազանքի իրականացում է որուն համար մենք միշտ աշխատած ենք եւ մշակոյթի նախարարին ջանքերուն շնորհիւ է հնագոյն գլխաւոր մուտքի օգտագործումը: Օմայյատ Այնճարի քաղաքը վերակառուցուած է»: ընկեր քաղաքապետը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր անոնց որոնք ներդրում ունեցան այս ծրագիրի իրականացման գործին:
Ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց Լիբանանի մշակոյթի նախարար դատախազ՝ Մուհամմատ Մուրդատան:Ան շեշտելով ըսաւ« չնայած այն բոլոր դժուարութիւններուն որ Լիբանան կը դիմագրաւէ, մեր երկրի մշակոյթը կը մնայ ամենահարուստը, որովհետեւ մեր մշակութային եւ հնագիտական ժառանգութիւնը այլ երկրի մէջ չկայ»: Իր խօսքը շարունակելով նախարարը շեշտեց որ Լիբանանի պատմութեան մէջ հայերը արաբներէն աւելի աշխատանք տարած են:
Այնուհետեւ ճարտարարուեստի նախարար՝ Ճորճ Պուչիկեան իր երախտագիտական խօսքը փոխանցեց մշակոյթի նախարարին իր խիզախ որոշումին համար եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Այնճարի ժողովուրդին բարեացակամութեան եւ միասնակամութեան համար:
Աւարտին քաղաքապետը մշակոյթի նախարարին նուիրեց գծագրական արուեստի կտոր մը, գծագրուած արուստագէտ՝ Կարպիս Քենտիրճեանի կողմէ: