3 յուլիս 2022-ին տեղի ունեցաւ Զահլէ քաղաքի եւ արուարձաններու թաղապետներու խորհուրդի ընդհանուր ժողովը:
Խորհուրդին անդամակցած են 103 թաղապետներ, որոնք երեք տարին անգամ մը կ՛ընտրեն իրենց վարչութիւնը: Վերջին ընտրութիւնը տեղի ունեցած էր 2018-ին: Այս տարուան ընտրութիւնները մէկ տարիով յետաձգուած ընտրութիւններն են` «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով:
3 յուլիս 2022-ին տեղի ունեցած Զահլէ քաղաքի եւ արուարձաններու թաղապետներու խորհուրդի ընդհանուր ժողովին ընտրուեցաւ խորհուրդը ներկայացնող վարչութիւն մը, որուն մաս կը կազմէ Այնճարի թաղապետ ընկեր Յարութ Լաքիսեան, որ նաեւ ընտրուեցաւ պետութեան մօտ խորհուրդի ներկայացուցիչ:
Ընդհանուր ժողովին 73 ներկայ թաղապետներէն ընկեր Յարութ Լաքիսեան ստացաւ 73 քուէ:
Նշենք, որ թաղապետ ընկեր Յարութ Լաքիսեան 1994-ին նշանակուած թաղապետ է: 1998-էն ի վեր ընտրուած թաղապետ:
ԱԶԴԱԿ Օրաթերթ
