Գլխաւոր

Այնճարի Սեւ Գօտիներու Միութիւն

Այնճարի Սեւ Գօտիներու Միութիւնը, որպէս Մայր Կազմակերպութիւն Լիբանանի տարածքին, հաստատուած է Հոկտեմբեր 1999 - ին:

2000 Թուականին, խումբ մը խանդավառ անհատներ մեկտեղուելով, ղեկավարութեամբ Ժագ Տաղլեանի՝ հիմնեցին միութեան հիմնադիր վարչութիւնը, որ պետական ճանաչում ստացաւ 2001-ին ( 147/Sh-R ) Լիբանանի Կրթութեան ու Մարմնամարզական Նախարարութենէն:

2002-ի Մարտին, միութիւնը լիարժէք անդամակցութիւն ապահովեց Լիբանանի Ուու Շու - Քոնկ Ֆու - համադաշնակցութեան մօտ՝ եւ սկսաւ մասնակցիլ Լիբանանի Ախոյանութեան մրցաշարքերուն:

Միութեան առաջնահերթ նպատակներն են.-

Ա. Դասաւանդել - Ուու Շու - Քոնկ Ֆու – ի եւ ինքնապաշտպանութեան արուեստը:

Բ. Ստեղծել ապահով միջավայր մը ուր երիտասարդներ միասնաբար ձեռք կը բերեն ընկերային, ֆիզիքական եւ մտաւոր հմտութիւններ՝ որոնք պիտի ծառայեն իրենց փայլուն եւ առողջ ապագայի կերտումին:

Այս մարտարուեստին միջոցաւ երիտասարդները ձեռք կը բերեն ֆիզիքական հմտութիւններ՝ արագաշարժութիւն, կարգապահութիւն, գիտելիքներ, աշխուժութիւն եւ վերջապէս կը նուաճեն ինքնավստահութիւն: Այս միութեան անդամ երիտասարդը ոչ միայն կը սորվի ինքնապաշտպանութիւն եւ մարտի հմտութիւններ, այլ կը սորվի ե՞րբ կռուիլ եւ ամենէն կարեւորը ի՞նչպէս խուսափիլ բախումներէ: Մարզիկները բնականաբար բաժնուած են կարգերու որոնք ըստ իրենց փորձառութեան կը խորհրդանշուին գունաւոր գօտիներով (J 6 - դեղին J5 - նարնջագոյն , J4 - կանաչ , J3 – կապոյտ , J2- սրճագոյն եւ J1- սեւ): Միութիւնը իր աշակերտներուն համար կը կազմակերպէ մարզական եւ ընկերային այլ միջոցառումներ ( բանակում, արշաւ, խրախճանքներ ...):
Որեւէ հայ անհատ որ տէր է բարոյական արժէքներու եւ կը հաւատայ միութեան առաքելութեան կրնայ անդամակցիլ անոր: Այնճարի Սեւ Գօտիներու Միութիւնը կը գործէ վարչութեան միջոցաւ, եւ տարեկան հաշուետուութիւն կը ներկայացնէ իր անդամական ընդհանուր ժողովին, եւ Մանրամարզական Նախարարութեան: Անցնող տասնամեակին միութեան մարզիկները մասնակցած են բազմաթիւ մրցումներու եւ տիրացած են կարեւոր մրցանակներու: Միութեան հետ կապ կարելի է պահել օգտագործելով հետեւեալ հասցէները.

Հ.Մ.Ը.Մ. Այնճարի Մասնաճիւղ

Մուսա Լերան տեղահան եղած ժողովուրդը, իր առօրեայ ծանրաբեռնուած պայմաններուն մէջ կ՛որոշէ հայաւանին մէջ հիմը դնել Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Այնճարի մասնաճիւղին, որպէս ֆիզիքական եւ ազգային դաստիարակութեան իւրայատուկ դպրոց:

Այնճարի Հ.Մ.Ը.Մ. ի մասնաճիւղը, Այնճարի երկսեռ երիտասարդութեան համար կը դառնայ հոգեկան եւ ֆիզիքական կրթութեան ազգային օճախ մը, որ իր դերը պիտի ունենայ առողջ սերունդներ պատրաստելու առաքելութեան մէջ:

1940 թուականին, գլխաւորութեամբ եղբայրներ՝ Զարմայր Մինասեանի, Արամ Յովսէփեանի եւ Թադէոս Պագալեանի կը հիմնուի Այնճարի Հ.Մ.Ը.Մ. ի մասնաճիւղը:

Անմիջապէս յետոյ կը կազմուի սկաուտական առաջին խումբը՝ նախաձեռնութեամբ Մովսէս Փ. Այնթապեանի:

1948 ին, Հայաստան ներգաղթած հայրենակիցի մը բնակարանը կը տրամադրուի մասնաճիւղին եւ մէկ սենեակի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ. -ի վարչութիւնը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը:

Լ.Օ.Խ. ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ճիգերով ստեղծուած արծուիկներու խումբը կը փոխանցուի Հ.Մ.Ը.Մ.ին՝ ստեղծելով արենուշներու փաղանգը:

Առաջին տարիներուն, սկաուտական շարժումի գլխաւոր ղեկավարներն ու խմբապետները կ՛ըլլան եղբայրներ Անդրանիկ Քէնտիրճեան եւ Սարգիս Սարգիսեան: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտները կ՛ունենան այլազան բնոյթի գործունէութիւն, յատկապէս կազմակերպելով բանակումներ, արշաւներ...

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Այնճարի մասնաճիւղը կը կազմէ իր մարզական խումբերը, որոնք պատուաբեր արդիւնքներ կը բերեն միջ-մասնաճիւղային եւ շրջանային մրցաշարքերու ընթացքին: Յատկապէս կը փայլի ֆութպոլի խումբը, որ կը խլէ Պէքաայի ախոյեանութիւնը 1957-ին: Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Լեւոն Թաշճեան կը յաջողի դառնալ Լիբանանի 10 քլմթ. Երկար վազքի ախոյեան 1974-ին: Մարզական խումբերը կը մասնակցին նաեւ Նաւասարդեան խաղերուն, որոնք տեղի կ՛ունենան հալէպի մէջ՝ արձանագրելով փայլուն արդիւնքներ :

Կը կազմուի նաեւ փողերախումբ , որ մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէ գիւղին մէջ: Հետագային կեանք կ՛առնէ նաեւ երէցներու փաղանգը, որ սկաուտական շարքերուն մէկ նոր օղակը կը դառնայ:

1967-ին Այնճարի Հ.Մ.Ը.Մ. ի մասնաճիւղը կը ստանայ պետական ճանաչում:

Անցնող տասնամեակներուն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Այնճարի մասնաճիւղը իր գայլիկներով, մրջնիկներով , արի-արենոյշներով, երէց փաղանգով եւ մարզական խումբերով կը դառնայ տարածուն կառոյց մը գիւղին մէջ եւ իր ներդրումը կը բերէ Այնճարի պատմութեան:

Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղ

1942-ին, 7 հիմնադիր ընկերուհիներով հիմը կը դրուի Լ.Օ.Խ.ի Այնճարի մասնաճիւղին՝ «Աղթամար» , որ կոչուած է կարեւոր դեր վերցնելու Այնճարի պատմութեան մէջ: Մասնաճիւղի անդամներուն թիւը շուտով կը հասնի 45-ի եւ անմիջապէս կը սկսի բեղուն աշխատանքը, ծով կարիքները բաւարարելու համար: Մասնաճիւղի ստեղծման մէջ մեծ դեր կ՛ունենան Մուսա Լերան ղեկավարներէն եւ Այնճարի հիմնադիր Մովսէս Տէր Գալուստեան, գրագէտ Եդուարդ Պօյաճեան եւ բանահաւաք՝ Թովմաս Հապէշեան:

Առաջին քանի մը տարիներուն վարչական եւ անդամական ժողովները կը գումարուէին Ազգ. «Յառաջ» վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին եւ «Բաբգէն Սիւնի» ակումբին մէջ :Միութիւնը յատկապէս օգնութեան ձեռք կ՛երկարէ հիւանդներուն եւ կարօտեալներուն, կազմակերպելով հանգանակութիւններ եւ նոյնիսկ թատերական ներկայացումներ:

1945-ին, կը հիմնուի չորս սենեակներով մայրանոց մը, անհրաժեշտ բաժանմունքներով, որ ամէնէն անհրաժեշտ կարիքներէն մէկն էր գիւղին:

1946-ին, մասնաճիւղը կը ստեղծէ Արծուիկներու Փաղանգ մը, աւելի քան 100 անդամներով, որ մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէ գիւղին մէջ: Արծուիկները կը հետեւին յատուկ կանոնագրի:

Յաջորդող 15 տարիները կ՛ըլլան յարատեւ աշխատանքի եւ գործունէութեան ծաւալման շրջան մը:

1960-ականերուն սկիզբը, մասնաճիւղը կը բանայ իր դարմանատունը, իր անդամուհիներէն Տիկ. Ծաղիկ Սէպէեանի հիւանդապահուհիի վկայականի արտօնութեամբ, հայրենակից Պօղոս Քիւրտեանի կողմէ տրամադրուած ժամանակաւոր սենեակի մը մէջ: Հոս կ՛այցելեն Պէյրութի Ամերիկեան Հիւանդանոցի բժշկութեան ուսանողներ՝ Վազգէն Տէր Գալուստեան, Չորպաճեան եւ Մխճեան գլխաւորութեամբ Տոքթ. Արամ Հանիսեանի: Բժշկական խնամքի կողքին մասնաճիւղը կ՛ապահովէ նաեւ անհրաժեշտ դեղօրայք՝ օգտուելով միջազգային բարեսիրական հաստատութիւններէ:

Կարճ ժամանակ մը ետք, Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն միութեան կը յատկացնէ տուն մը, Հ.Մ.Ը.Մ. ի ակումբին կից, որ կը դառնայ միութեան կեդրոնը:

1970 -ական տարիներուն գիւղին մէջ կը գործեն շտապ օգնութեան երեք կեդրոններ Լ.Օ.Խ. ի «Աղթամար» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ:

1974 ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Լ.Օ.Խ.ի Շրջանային վարչութեանց կարգադրութեամբ, Լ.Օ.Խ.ի Արծուիկները կը փոխանցուին Հ.Մ.Ը.Մ.-ին, եւ կը դառնան Արենոյշներ:

Նոյն տարին, Այնճարի պատմական բերդին մէջ տեղի ունեցող Ա. Փառատօնին, իր մասնակցութիւնը կը բերէ մասնաճիւղը , ցուցադրութեան եւ վաճառքի դնելով գիւղի արտադրութիւններն ու պահածոները:

Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի ամէնէն մեծ իրագործումներէն մէկը կ՛ըլլայ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներու ընթացքին 24 ժամ բաց դարմանատունը, որ անչափելի ծառայութիւններ մատուցեց ոչ միայն գիւղացիներուն, այլեւ գիւղ ժամանող հազարաւոր գաղթականներուն, յատկապէս եկած Պէյրութի հայահոծ շրջաններէն(1978):

1984-ին դարձեալ Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին կարգադրութեամբ , մասնաճիւղի տրամադրութեան տակ կը դրուի Սարգիս Տանայեանի երկյարկանի շէնքը, որ դիւրութիւններ կը ստեղծէ մասնաճիւղի գործունէութեան համար: Մասնաճիւղը ընդլայնելով իր գործունէութեան դաշտը կը կազմակերպէ կարուձեւի եւ ճաշի դասընթացքներ, ձեռային աշխատանքներ, ցուցահանդէսներ, ընկերային ձեռնարկներ, դասախօսութիւններ եւայլն:

Միութեան անդամներուն թիւը կը հասնի 250-ի: Միութիւնը ձեռք կ՛երկարէ որբին, անկարին, հիւանդին եւ ծերին, ինչպէս նաեւ կ՛օժանդակէ գիւղի վարժարաններուն, յատուկ հոգատարութիւն ցուցաբերելով պատանիներու ուսման հանդէպ: Մասնաճիւղը կարելիութիւն կը ստեղծէ նաեւ գիւղի հայրենակիցներուն համար տարրալուծարանային քննութիւններ կատարելու, չնչին ծախսերով:

1991-ին, Այնճարի Բ. Փառատօնին , մասնաճիւղը կը մասնակցի հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէս- վաճառքով մը, որ մեծ յաջողութիւն կը գտնէ:

1992-ին արժանի շուքով կը յիշատակուի մասնաճիւղի 50 ամեակը, որու ընթացքին յատուկ գնահատանքի կ՛արժանանան միութեան վաստակաւոր ընկերուհիները:

1995-ին մասնաճիւղը կը ձեռնարկէ հանգանակութեան, նպատակ ունենալով սեփական դարձնել իր կեդրոնը:

1998-ին Տէր եւ Տիկ. Սուրէն եւ Ալիս Ֆիլհաննէսեաններ, իրենց պապենական տունը կը նուիրեն մասնաճիւղին, որպէս մնայուն կեդրոն Լ.Օ.Խ.ի «Աղթամար» մասնաճիւղին:

1999-ի Յունուար 16 ին, յատուկ հանդիսութեամբ մը մասնաճիւղը կը կատարէ իր նոր կեդրոնին բացումը՝ «Յովհանէս եւ Վարդուհի Ֆիլհաննէսեան» դարմանատան:
Վերջին տասնամեակներուն մասնաճիւղի գործունէութիւնը աւելիով կը ծաւալի: Դարմանատան աշխատանքը կը դառնայ ամէնօրեայ՝ այցելու բազմաթիւ բժիշկներու ծառայութեամբ: Աւանդութեան կը վերածուի տարեցներու հաւաքոյթները տօնական առիթներով:
Իր բազմաճիւղ գործունէութեամբ մասնաճիւղը կը դառնայ գիւղին մէջ գործող ամենէն աշխուժ միութիւնը՝ որուն բարիքները կը հասնին բոլորին:

Համազգայինի «Պ.Սեւակ» մասնաճիւղ

Երաժշտական

Մասնաճիւղի կազմութենէն անմիջապէս ետք, ծնունդ կ՛առնէ «Կոմիտաս» երգչախումբը: Երգչախումբը բազմաթիւ ելոյթներ կ՛ունենայ Այնճարի, Զահլէի եւ Դամասկոսի մէջ (խմբավարներ Գէորգ Գանտահարեան, Տէր Մաշտոց Քհնյ. Աշգարեան, Տէր Կոմիտաս Քհնյ. Փանոսեան): Աւելի ուշ խմբավարութեամբ Պարգեւ Թասլագեանի երգչախումբը կ՛ունենայ աննախընթաց վերելք: Ելոյթներ կը կազմակերպուին տարբեր քաղաքներու մէջ: Երգչախումբը հանդէս կուգայ նաեւ զուտ արաբական շրջանակներու մէջ խառն յայտագիրներով եւ մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով: Երգչախումբը կը մասնակցի միջ-արաբական երգչախումբերու մրցումին Թրիփոլիի մէջ գրաւելով առաջին դիրքը:
Մասնաճիւղը կը կազմէ նաեւ «կաքաւիկ» մանկապատանեկան երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Տէր Մաշտոց Քհնյ. Աշգարեանի եւ Զաքար Քէշիշեանի: «Կաքաւիկ»-ը տպաւորիչ ելոյթներ կ՛ունենայ թէ Այնճարի եւ թէ Պէյրութի մէջ:
Ամերիկեան համալսարանի «Էսէմպլի Հոլ» -ի ելոյթը մեծ տպաւորութիւն կը գործէ քաղաքի արուեստասէր հասարակութեան վրայ:
Վերջին շրջանին խումբը կը ղեկավարէ տէր Հրանդ Քհնյ. Գէորգեանը:

Որոշ ժամանակաշրջան մը մասնաճիւղի ակումբէն ներս կը գործէ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի մասնաճիւղը:

Պարարուեստ

Մասնաճիւղի գործունէութեան մէջ մեծ տեղ կը տրուի նաեւ պարարուեստին: Մասնաճիւղը կ՛ունենայ իր «Կոմիտաս» պարախումբը: Մեծապէս կը փայլի պարախումբը պարուսոյց Պրն. Խաչիկ Սեպէեանի ղեկավարութեան օրերուն: Պարախումբը տպաւորիչ ելոյթներ կ՛ունենայ Այնճարի, Պէյրութի, Զահլէի, Ռաս էլ Մըթնի, Պէյթ էլ Տինի եւ յատկապէս Դամասկոսի միջազգային փառատօնին՝ արժանանալով հայ թէ օտար հանդիսականներու անվերապահ գնահատանքին:

Վերջին շրջանին կը կազմուի նաեւ «Կաքաւիկ» մանկապատանեկան պարախումբը՝ պարուսոյց ունենալով օրդ. Գայանէ Մածունեանը:

Մանկապատանեկան պարախումբը կ՛ունենայ քանի մը ելոյթներ Այնճարի եւ Պէյրութի մէջ մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով:
«Կաքաւիկ» մանկապատանեկան պարախումբը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Մուսա Լերան Հերոսամարտի 95 ամեակի ձեռնարկներուն արժանանալով բոլորի գնահատանքին:

Թատերական

Համազգայինի Այնճարի մասնաճիւղը, թատերական կեանքին մէջ եւս՝ մեծ վաստակ ունի: Դեռ նորակազմ, մասնաճիւղը կը ձեռնարկէ Մ. Իշխանի «Մեռնիլը Որքան Դժուար է » թատերախաղի ներկայացումին, ընկ. Յակոբ Փանոսեանի բեմադրութեամբ:

1979-ին թատերախումբի բեմադրիչը կը դառնայ Հայաստանի մէջ մասնագիտացած Պրն. Օննիկ Գանթարճեան:

Այս շրջանին թատերախումբը կ՛ունենայ իր անունը՝ «Լուսարձակ 40»(Տարին կը զուգադիպէր Այնճարի հիմնադրութեան 40 ամեակին, ինչպէս նաեւ 40 թիւը կը խորհրդանշէ Մուսա Լերան հերոսամարտի 40 օրերը):

Այդ սերունդէն քանի մը ընկերներ, զանազան բեմադրութիւններ հրամցուցին հանրութեան . Զաւէն Թաշճեան ,Վահէ Աշգարեան , Մուշեղ Գարագաշեան եւ Սագօ Փանոսեան:

Այս շրջանին թատերախումբը կ՛ունենայ իր անունը՝ «Լուսարձակ 40»(Տարին կը զուգադիպէր Այնճարի հիմնադրութեան 40 ամեակին, ինչպէս նաեւ 40 թիւը կը խորհրդանշէ Մուսա Լերան հերոսամարտի 40 օրերը):

Այդ սերունդէն քանի մը ընկերներ, զանազան բեմադրութիւններ հրամցուցին հանրութեան . Զաւէն Թաշճեան ,Վահէ Աշգարեան , Մուշեղ Գարագաշեան եւ Սագօ Փանոսեան:

Դարձեալ Ռ. Առաքելեանի ղեկավարութամբ, մասնաճիւղէն ներս ստեղծուած էր ասմունքի շարժում մը: Խումբը կոչուած է «Սուրէն Քոչարեան» ի պատիւ հայրենի ասմունքի մեծ վարպետին: Ասմունքի խմբակի անդամները միշտ մասնակցած են ազգային տօնախմբութիւններու եւ մշակութային այլազան ձեռնարկներու:

Նկարչական

Մասնաճիւղը նաեւ աշխատանք տարած է կերպարուեստի բնաշխարհէն ներս: Կազմակերպած է արուեստի եւ ձեռային աշխատանքներու ցուցահանդէսներ, ինչպէս նաեւ նկարչական դասընթացքներ:

Շրջան մը Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիան մասնաճիւղ մը կը բանայ Այնճարի մէջ, որ առիթ կը ստեղծէ արուեստի հակում ունեցող երիտասարդներուն աւելիով զարգացնելու իրենց նկարչական կարողութիւնները: Ակադեմիայի դասընթացքներուն հետեւող երիտասարդ–երիտասարդուհիները հետագային իրենց գործերը ցուցադրեցին գիւղին եւ Պեքայի զանազան արուեստի կեդրոններուն մէջ:

Այնճարի 65 ամեակի առիթով, Մասնաճիւղը կը հիմնէ նաեւ իր նկարչական «Ռուբէն Նաքեան» արուեստի դպրոցը ղեկավարութեամբ Պրն. Րաֆֆի Անտոնեանի, որ երկար տարիներ կը գործէ ներկայացնելով տարեկան ցուցահանդէսներ: Շրջան մը աշխատանքներուն կը հսկէ Գրիգոր Սգայեանը:

Մշակութային Գործունէութիւն

Մասնաճիւղը տարիներու ընթացքին, մեծ թիւով դասախօսական ձեռնարկներ հրամցուցած է հանրութեան: Կազմակերպած է գրական երեկոներ, հրաւիրելով Լիբանանահայ գաղութի ծանօթ գրագէտներ եւ մտաւորականներ: Մասնաճիւղը հրատարակած է նաեւ Թովմաս Հապէշեանի «Մուսա Լերան Պապենական Արձագանգներ» հատորը՝ մեկենասութեամբ Պրն. Հրաչ Աշգեանի:

Մասնաճիւղը կառուցած է նաեւ հանրութեան համար տրամադրելի գրադարան մը, որու շինութեան իրենց ներդրումը բերած են վաղամեռիկ համազգայնական՝ Անի Ինճէեանի ծնողները: Ի յիշատակ՝ Անիի, գրադարանը կոչուած է Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի «Անի Ինճէեան» գրադարան:

Որպէս մշակութային գործունէութիւն, մասնաճիւղը ստեղծած է նաեւ ֆիլմի ցուցադրութեան ակումբ մը: Հանրութեան ցուցադրած է յատկապէս հայկական ֆիլմերու փունջ մը, ինչպէս՝ «Ձորի Միրոն», «Նահապետը», «նռան Գոյնը» ....
Շրջանի մը համար մասնաճիւղը ունեցած է նաեւ իր գրախանութը ակումբի կողքին:
Մասնաճիւղը նախանձախնդիր եղած է գնահատելու գիւղի օժտուած գրողներն ու արուեստագէտները միշտ կազմակերպելով գիրքերու շնորհանդէսներ եւ արուեստի ցուցահանդէսներ յատկապէս Մուսա Լերան հերոսամարտի տօնակատարութիւններու ընթացքին:

Այնճարի Մէջ Գործող Հ.Յ.Դ. Միութիւնները

Այնճարի Հ.Յ.Դ. Լ.Ե.Մ.ի «Շ.Միսաքեան» մասնաճիւղ

Իր հիմնադրութենէն(1973) անմիջապէս ետք, Հ.Յ.Դ. Լ.Ե.Մ.ի «Շ.Միսաքեան» մասնաճիւղը կը պայքարի բազմաթիւ ճակատներու վրայ՝ ազգային-յեղափոխական դաստիարակութիւն, առօրեայ ապահովական աշխատանքներ, հակաթուրք քարոզչութիւն, Այնճարի երիտասադներու համախմբում ... եւայլն:

«Շ.Միսաքեան» մասնաճիւղը կը փորձէ գիւղի երիտասարդութեան մէջ արմատացնել ազգային ոգին եւ երիտասարդները մղել ազգային ծառայութեան եւ նուիրումի:

Սկզբնական տարիները կ՛ըլլան կազմակերպումի ժամանակաշրջան մը միութեան համար , որ քայլ առ քայլ կ՛աշխուժանայ, կը դառնայ մեծաթիւ եւ շօշափելի աշխատանքներով մասնաճիւղ մը եւ գիւղին մէջ իր ներկայութիւնը կը փաստէ: Երիտասարդական խանդավառութիւնը կ՛արդիւնաւորուի եւ միութիւնը կը դառնայ գործունեայ եւ կազմակերպ:

Յատկապէս ազգային-յեղափոխական բոլոր տօնակատարութիւններուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ մասնաճիւղը՝ ասմունքներու, թատերական գործերու եւ կենդանի պատկերներու ներկայացումով:

Մասնաճիւղի առաջնահերթ նպատակը կը դառնայ հայեցի դաստիարակութեան ջամբումը Այնճարի երիտասարդութեան: Մասնաճիւղը իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ համագիւղական (պահակութիւն, քայլարշաւ ... ) ընդհանուր աշխատանքներուն՝ ինչպէս նաեւ համագաղութային ձեռնարկներուն:

Այնճարի Հ.Յ.Դ. «Յառաջ» Պատանեկան Միութիւն

Այնճար հաստատուելէ անմիջապէս ետք, Մուսա Լերան ժողովուրդը իր հանապազօրեայ հացին հետ զուգահեռաբար մտահոգ էր նաեւ իր զաւակներուն կրթութեամբ: Ազգ. «Յառաջ» վարժարանին հիմնումէն անմիջապէս ետք, հիմը դրուեցաւ Հ.Յ.Դ. «Յառաջ» պատանեկան Միութեան 1943-ին, որպէս բնական յաջորդը Մուսա Լերան պատանեկան միւթիւններուն, ուր մուսալեռցի պատանին կը դաստիարակուէր իբրեւ հայ եւ իբրեւ դաշնակցական՝ տէր կանգնելու համար ազգային եւ յեղափոխական մեր աւանդներուն:

Հ.Յ.Դ. «Յառաջ» պատանեկան միութիւնը գործած է երկար տարիներ, դժուար պայմաններու մէջ, բայց հոն տիրող խանդավառութիւնը եւ հետաքրքրութիւնը գրեթէ բոլոր ազգային եւ յեղափոխական երեւոյթներուն նկատմամբ, ստեղծած է որոշ մթնոլորտ մը, որ երկար տարիներ իր շուրջ պահած է մեծ թիւով պատանիներ:

Հերթաբար կազմակերպուող արշաւները, բանակումները, խորհրդաժողովները, զրոյցները թէ վիճաբանական ասուլիսները՝ նպաստած են Այնճարցի պատանիին հոգեմտաւոր դաստիարակութեան, զանոնք մղելով միշտ առաջ, եւ միշտ աւելի բարձր գագաթներ նուաճելու վճռականութեան:
Միութիւնը կ՛ունենայ իր ընկերական հաւաքոյթները տօնական առիթներով՝ կաղանդ, բարեկենդան, զատիկ ... : Միութիւնը կը փորձէ նաեւ վառ պահել Մուսա Լերան ժողովուրդի կարգ մը աւանդութիւնները ինչպէս «չէնթու քէրիլ», «միմնտուշ»...:

Միութիւնը ունի նաեւ իր կրտսերներու փաղանքը որոնք շաբաթական հերթականութեամբ կը հանդիպին հետաքրքրական օրակարգով որ ճամբայ կը բանայ այս սերունդին դէպի ամուր ազգային դաստիարակութիւն:
Միութիւնը նախկին «Բաբգէն Սիւնի» ակումբէն տեղափոխուելով՝ կը գործէ «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ, օգտուելով կեդրոնի բոլոր հնարաւորութիւններէն:

Ստորակարգեր

LOGO en

?>