Երէկ՝ Կիրակի 19 Յունիս 2015-ի երեկոյեան, Քֆէրզէպիթի լեռներէն սկսած հրդէհ մը ճիւղաւորուեցաւ դէպի Այնճարի լեռները՝ արագօրէն տարածուելով դէպի գագաթը:
Այնճարի քաղաքապետութիւնը անհրաժեշտ միջոցներու դիմեց կամաւոր Այնճարցի անտառապահներու օժանդակութեամբ՝ առաջքը առնելու համար արագօրէն տարածուող հրդէհին:
Հրդէհը շարունակուեցաւ նաեւ յաջորդ օր մինչեւ ուշ երեկոյեան:
Կամաւոր երիտասարդներուն ջանքերով կարելի եղաւ հակակշռի տակ առնել հրդէհը:
Յայտնենք որ գերեզմանատան կողքի լերան ծառերէն բաժին մը զոհ գացին հրդէհին: