Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի մանկապարտէզի բաժնի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 17 Յունիս 2016-ի կ.ե. ժամը 6:00ին, վարժարանի «Հետուիկ» Սրահին մէջ:
Հանդէսին բացման խօսքը արտասանեց վարժարանի մանկապարտիզպանուհի՝ Տիկ. Նաթալի Տէր Ստեփանեան- Քէնտիրճեան, որմէ ետք մանկապարտէզի աշակերտները ներկայացուցին «Մանուկներու Իրաւունքները» թեմային նուիրուած գեղարուեստական յայտագիր մը:
Աշակերտները երգերով, պարերով եւ ասմունքներով պահանջեցին իրենց իրաւունքները՝ գիտակցելով նաեւ իրենց անհատական պարտականութիւններուն :
Հանդէսի աւարտին 10 աշակերտներ ստացան իրենց վկայականները, որմէ ետք Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան յաջողութեան մաղթանքներով եւ օրհնութեան աղօթքով փակեց հանդիսութիւնը: