Ազգային «Յառաջ» Մանկապարտէզի 2015-2016 տարեշրջանի եզրափակման եւ վկայականաց բաշխման մանկապարտէզի հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 18 Յունիսի երեկոյեան, վարժարանի շրջափակին մէջ:
Ներկայութեամբ՝ քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի, Հայր Վարուժան Սրբազան Հերկելեանի, Տէր Նարեկ Աւագ Քհնյ. Շիրիգեանի, գիւղի հոգեւոր հովիւներու, Լիբանանի Թեմի Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Տոքթ. Էլի Թաշճեանի, «Կարմիր Լեռ» եւ «Արամ» կոմիտէներու ներկայացուցիչներու, Ազգային երեսփոխան՝ Տոքթ. Խաժակ Այնթապեանի, ԼՕԽ-ի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Տիկ. Սանդուխտ Հերկելեանի, Վարժարանի խնամակալութեան, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, բարերարներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ բազմաթիւ հայրենակիցներու տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք վարժարանի վարիչ մանկապարտիզպանուհի Տիկ. Լենա Սթամպուլեան հանդէս եկաւ բացման խօսքով ու ողջունելէ ետք ներկաները հաստատեց ըսելով՝ «շնորհիւ մանկապարտէզի բարերարներու եւ գիտակից ծնողներու գործակցութեան՝ յաջողութեամբ պսակուեցաւ 2015-2016 տարեշրջանի կրթական ծրագրի ու զանազան ձեռնարկներու իրագործման աշխատանքը»:
Ապա Տիկ. Լենա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները տաքուկ բոյնէն հանելով վստահեցան վարժարանի ուսուցչակազմի ջերմ ու ապահով խնամքին եւ «ահա,- ըսաւ ան,- անոնք մեծցան ու այսօր կըստանան իրենց առաջին վկայականը, որ պիտի լուսաւորէ իրենց ճանապարհը ու զիրենք պիտի հասցնէ բարձր դիրքերու»: Ապա ան երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր այն մարմիններուն, կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք տարբեր առիթներով եւ զանազան միջոցներով օգտակար հանդիսացան մանկապրատէզին:
Եւ վերջապէս տիկ. Լենա շնորհակալութիւն յայտնեց Պրն. Գէորգ Արապեանին, որուն կատարած նուիրատուութեան միջոցով արդէն իսկ ընթացք առած է մանկապարտէզի վերակառուցումը եւ իր արդիական նորութիւններով 2016-2017 տարեշրջանին պատրաստ կ՛ըլլայ դիմաւորելու բոլոր աշակերտները:
Ապա տիկ. Լենա բեմը յանձնեց փոքրիկներուն, որոնք երեք լեզուներով պատմութեան, երգի, պարի ու արտասանութեան միջոցներով հանդիսատեսը փոխադրեցին հեքիաթներով լեցուն անտառ մը:
Անտառաբնակ ու առասպելական մարդու կերպարով ծպտուած կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտներ ու երգչախումբը ճոխացուց բեմը: Ապա Ծաղիկ դասարանէն՝ Անդօ Քիւսպէկեան, Ռալֆ-Վահէ Աշգարեան եւ Ռիթա Քիւսպէկեան հայերէնով ներկայացնելէ ետք «Անին ու Արան» պատմութիւնը, բեմը զարդարուեցաւ շաքարներով պատուած հագուստներ հագած Ծիլ դասարանի աշակերտներով:
Յաջորդ հեքիաթը՝ «Ձիւնաթիւրը» անգլերէնով ներկայացուեցաւ Ծաղիկի աշակերտներէն Քրիսդէլ Գազանճեանի, Արեւիկ Թաշճեանի, Դրօ Գալեմքէրեանի եւ Ալիք Համուտեանի կողմէ, որուն յաջորդեց Բողբոջ դասարանի Ձիւնաթիւրի եւ Փայտահատի տարազներով պարը:
Երրորդ հեքիաթն էր «Կարմիր Գլխարկիկը», որ Արաբերէն լեզուով ներկայացուցին Ալի Եուսուֆը, Նանոր Ֆըստըքճեանը, Յակոբ Գրիգորն ու Լոռի Ճապրայեանը, Կոկոնի աշակերտները զայն բեմականացուցին Կարմիր գլխարկիկի եւ Գայլի պարով:
Եւ վերջապէս «Անին եւ Երեք Արջուկները» հեքիաթը հայերէնով պատմեցին Ասօ Սթամպուլեան, Երուանդ Սթամպուլեան, Պարգեւ Տարագճեան եւ Սէրլի Արուշեան, ապա Ծաղիկ դասարանը փակման պարով բեմականացուց զայն:
Գեղարուեստական յայտագրին յաջորդեց շրջանաւարտներու ուղերձը, որոնք «Հայ ազգի զաւակներ ենք, հայ լեզուն կը սորվինք, որպէսզի պայքարինք թշնամիին դէմ» եւ «կ՛ուզենք ըլլալ փայլուն աստղեր, որ հպարտ ըլլան մեզմով ուսուցիչներ» լոզունգներով հրաժեշտ տուին իրենց ուսուցիչներուն:
Ապա վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան իր պատգամին մէջ անդրադառնալէ ետք հեքիաթային ու առասպելական տիպարներու փոխանցած դաստիարակիչ թելադրանքներուն՝ շրջանաւարտներուն մաղթեց, որ ապագային գիտնան կատարել ճիշդ ընտրանքներ, հետեւիլ գեղեցիկ ու ազնիւ տիպարներու, յոյսի արահետներ գտնել ամէն տրտմութեան մէջ եւ նպատակներու հետապնդման մէջ կատարել ճշգրիտ նշանառութիւն:
Պրն. Արմէն շնորհաւորեց շրջանաւարտներու ծնողները, անոնց մանկապարտէզի քառահանգրուան խնամքի պատասխանատու ուսուցիչները ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանիս յանձնառու եւ ազնիւ բարերարներու՝ Տէր Նարեկ աւագ Քհնյ. Շիրիգեանի, Քէօշէեան ընտանիքի, Պրն. Գէորգ Արապեանի կատարած ներդրումին ու աջակցութեան:
Պրն. Արմէն բեմ հրաւիրեց վարժարանի բարերարներէն՝ Տէր Նարեկը, Պրն. Լեւոն Թորոսեանն ու Օրդ. Պայծառ Քէօշէեանը միասնաբար կատարելու վկայականաց բաշխումը:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հրավառութիւն: