
50 Տարի Առաջ (17 Հոկտեմբեր 1966)
Վերջալոյսի շողերուն մէջ, լերան լանջին, Պեքաայի դաշտին անսահման տարածութեան առջեւ, հայ ժողովուրդը, քաղաքէն ու գիւղէն եկած յոգնախառն բազմութիւն մը թաղեց իր բանաստեղծ զաւակներէն մէկը:
Հայ եկեղեցւոյ իշխան մը. ալեհեր մտաւորական մը, գրչի եղբայրներ, գաղափարի ընկերներ, պաշտօնակից կրթական մշակներ, սրտի խօսքերով հողին յանձնեցին հայ գիրի ու մշակոյթի իշխան մը:
Ոչ մէկ թաղում եղաւ այնքան վեհաշուք, պարզ ու յուզիչ, յուղարկաւորներու ոչ մէկ բազմութիւն եղաւ այնքան անկեղծօրէն ինքնաբուխ, որքան ա՛յն, որ շաբաթ օր, Պէյրութի Ս. Նշան եկեղեցիէն մինչեւ Այնճար, ինքնաշարժներու անդադրում թափօրով, հետեւեցաւԵդուարդ Պոյաճեանի վերջին ճամբորդութեան:
Բլրաչափ բարձունքի մը վրայ կանգնած Այնճարի եկեղեցին ոչ մէկ ատեն եղաւ այնքան հիւրընկալ, որքան հայ ժողովուրդի այս արժանաւոր զաւկին, որուն հանդէպ յարգանքը եղաւ համաժողովրդային, սրտառուչ ու խոր:
Եդուարդ Պոյաճեանի թաղումը եղաւ վեհաշուք, բանաստեղծի իր հոգին փոթորկող ապրումներուն հարազատ պատկերով:
Այնճարի եկեղեցիէն մինչեւ գերեզմանատուն, երկար ու քարքարուտ ճամբան կարճ եկաւ բանաստեղծին Եռագոյնով ծածկուած դագաղը ձեռամբարձ տանող ճեպելմուսացի երիտասարդներուն եւ անոնց հետեւող ծեր, երիտասարդ, այր ու կին յուղարկաւորներուն:
Գերեզմանատան մէջ յաջորդաբար խօսք առին ընկեր Նազարէթ Պիտանեան` Այնճարի ժողովուրդին կողմէ, Երուանդ Տեմիրճեան` Ուսուցչական միութեան կողմէ, տոքթ. Յարութիւն Գազանճեան (Յ. Գեղարդ)` «Բագին»-ի խմբագրութեան, Մուշեղ Իշխան` Համազգային մշակութային ընկերակցութեան, Զարեհ Որբունի` իբրեւ գրչեղբայր, Վարդգէս Տէր Կարապետեան` ՀՅԴ Հրուանդանի Կեդրոնական կոմիտէին, ընկեր Կարօ Սասունի` ՀՅԴ Գերագոյն մարմինին եւ Գարեգին եպս. Սարգիսեան:
Բոլորն ալ վեր առին Եդուարդ Պոյաճեան բանաստեղծին, գրագէտին, կրթական մշակին, դաշնակցականին բարձր արժանիքները, որոնք ի վերուստ տրուած էին հայ գրականութեան այս մեծատաղանդ զաւկին:
Բոլոր դամբանականները պիտի տանք առանձին, մեր յաջորդական թիւերով: Տարազի չեն գար սակայն, խորունկ զգացումով արտայայտուած այն խօսքերը, որ ունեցաւ Կարօ Սասունի, որ Եդուարդի մէջ գրչի ու մտքի հոգեղէն զաւակ մը թաղեց, անմահներու տոմարին մէջ արձանագրեց զայն, գալիք սերունդներուն փոխանցելով անոր սիրտն ու գրիչը: Խոստացաւ չմոռնալ Եդուարդը օտար այս ափերուն վրայ եւ անոր աճիւնները օր մը փոխադրել ազատ հայրենիք, ուր այսօր իր դագաղը ծածկող եռագոյն դրօշը, իբրեւ խորհրդանիշ հայ ժողովուրդի, պիտի խոնարհի ի յարգանս բանաստեղծին:
Օրը մթնցած էր արդէն, երբ ժողովուրդը բաժնուեցաւ Եդուարդէն, միաբերան երգելէ ետք «Վէրքերով լի, ջան ֆետայի»-ն: Եւ հոն, կիսամութին մէջ մնաց հողակոյտ մը, ծածկուած իր հարազատներուն եւ Այնճարի ժողովուրդին կողմէ ղրկուած ծաղիկներով:



