19 Հոկտեմբեր 2016-ին, Սուրիոյ խորհրդարանի նիստին, ուր ներկայ կը գտնուէր Կապի եւ Ճարտարագիտութեան նախարար Ալի ալ-Զաֆիրը, Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամ դոկտ. Նորա Արիսեան ելոյթ ունեցաւ եւ պաշտօնական դիմում ներկայացուցած է՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած դրոշմաթուղթ թողարկելու:
Իր դիմումին մէջ դոկտ. Արիսեան ըսած է. «Առաջարկով կը դիմեմ Փոստային հաստատութեան յատուկ թեմաներով դրոշմաթուղթեր թողարկելու, որոնք նուիրուած ըլլան Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ ասորիներու Սէյֆոյին»: Նախարար ալ-Զաֆիրը, երեսփոխան դոկտ. Արիսեանին դիմումը իրականացնելու իր համաձայնութիւնը յայտնած է: