Ճաշկերոյթ՝ Կազմակերպութեամբ Ազգ. «Յառաջ» Վրժ.-ի ծնողաց խորհուրդին.
Հովանաւորութեամբ Տիկ Քնար Գամպէրեանի, Ուրբաթ, 28 Հոկտեմբեր, 2016-ին, Ճաշարան «Նապաա Այնճար»ի մէջ, տեղի ունեցաւ Ազգ. «Յառաջ» Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի ծնողաց խորհուրդին կազմակերպած ճաշկերոյթը:
Օրուան հանդիսավարն էր շրջանաւարտներէն ՝ Օրդ. Մեղրի Քէնտիրճեան, որ հաճելի գիտելիքներու փոխանցումներով եւ խաղերով զբաղեցուց ներկաները, իսկ մթնոլորտը, իր հայկական երգացանկով , ճոխացուց Տիկ Շաքէ Պաղտասարեան: Միջոցին, պարախումբի աղջիկները հանդէս եկան հայկական նազպարով:
Խօսք առնելով օրուան հովանաւոր՝ Տիկ Քնար Գամպէրեան, մեծ երախտիքով խօսեցաւ վարժարանի մասին եւ աւելցուց «հակառակ որ սառած ու բոպիկ ոտքերով կը յաճախէինք վարժարան , սակայն այնտեղ մեր սրտերը տաքուկ էին»: Տիկ Քնար մաղթեց , ըսելով «վարժարանին քովէն անցնող բոլոր աշակերտները պէտք է միշտ նեցուկ կանգնին այս հայաբոյր կեդրոնին»:
Ապա տեղի ունեցան նուիրատուութիւններ:
Վարձքը կատա՛ր ծնողաց խորհուրդի տիկիններուն: