Հ.Մ.Ը.Մ Այնճար Մասնաճիւղի Վերամուտի Պաշտօնական Արարողութիւն:
Հովանաւորութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ Այնճարի Մասնաճիւղի վարչութեան, սկաուտական խորհուրդին ու խմբապետական կազմին, Կիրակի 30 Հոկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 5:00ին, «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ կազմակերպեց Այնճարի Հ.Մ.Ը.Մ-ի Վերամուտի Պաշտօնական Արարողութիւնը:
Այնճարի փողերախումբի առաջնորդութեամբ, սկաուտական փաղանգը տողանցելով ուղղուեցաւդէպի «Ս. Պօղոս» եկեղեցի, ապա «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տուն: Յայտագիրը ընթացք առաւ դրօշակի արարողութեամբ, որուն յաջորդեց սկաուտական աստիճանատուչութիւնները:
Ձեռնարկին ներկայ էին Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, Այնճարի քաղաքապետը, Հ.Մ.Ը.Մ Լիբանանի շրջանային վարչութիւնը, շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմը, Այնճարի մարմիններու ներկայացուցիչներն ու Հ.Մ.Ը.Մ-ի համակիրները:
Հ.Մ.Ը.Մ Այնճարի մասնաճիւղի սկաուտներուն անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց քոյր Գարլա Քէնտիրճեան: Ողջունելով ներկաները, մաղթեց բոլորին որ 2016-17 տարեշրջանը ըլլայ բեղուն գործունէութեամբ և յաջողութիւններով լի տարի մը, համայն Հ.Մ.Ը.Մ-ի ընտանիքին համար: Յատուկ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Հ.Յ.Դ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, որ ծրագրեց ու իրագործեց Հ.Մ.Ը.Մ Այնճարի մարզական համալիրիշինարարութիւնը,որ գրեթէ հասած է իր աւարտին: Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ծնողներուն, որոնք իրենց Հ.Մ.Ը.Մ-ականի և հայապահպանման տեսիլքի քաջ գիտակցութեամբ իրենց զաւակները կը վստահին Հ.Մ.Ը.Մ ընտանիքին, և բարոյապէս ու նիւթապէս նեցուկ կը կանգնին սկաուտական բոլոր աշխախանքներուն: Երախտագիտութիւն յայտնեց նաեւ այն բոլոր բարերարներուն, որոնք ճիգ չեն խնայեր սկաուտներուն համար ստեղծելու հանգիստ և առողջ միջավայր:
Ան յայտնեց որ 2016-17 տարեշրջանի սկաուտական բոլոր աշխատանքներուն թեման պիտի ըլլայ «ՄԷԿ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ , ՄԷԿ ՁԵՌՔ », նպատակ ունենալով միասնակամ ըլլալու գիտակցութիւնը:
Շրջանային ընդհանուր խմբապետուհիի տիտղոս ունեցող՝ քոյր Արտա Զէյթունլեան, խօսք առաւ շրջանային սկաուտ խորհուրդի և խմբապետութեան անունով, շնորհաւորելով նոր պաշտօն և աստիճան ստացող խմբապետներուն, յաջողութիւն մաղթելով 2016-17 տարեշրջանի բոլոր աշխատանքներուն:
Յայտագիրը ընթացաւ սկաուտական խումբերու ներկայացումներով, կանչերով, երգերով, ծափերով ու պարերով:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ հիւրասիրութեամբ:
Կեցցէ՜ Հ.Մ.Ը.Մ-ի ընտանիքը, մանաւանդ անոր չարքաշ և հայրենասէր սկաուտները: