Ուրբաթ 21 Հոկտեմբեր 2016ին, Լ.Օ.Խ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ նշուեցաւ «Ոսկի Աշուն»ը: Ծանօթ խոհարարագէտ՝ ընկերուհի Մարօ Չէօրէքճեանի ցուցմունքներով Ղափամայով պատրաստուեցան տարբեր ճաշատեսակներ և անուշեղէններ: Շուրջ 70 տիկիններ հետեւեցան բացատրութիւններուն, մասնակցեցան պատրաստութեան և համտեսեցին ու վայելեցին ճաշակով յարդարուած սեղանը, զանազան աշնանային պտուղներով և բանջարեղեններով:
Իւրայատուկ և օրինակելի ձեռնարկ մը, որ լայն արձագանգ գտաւ շրջապատէն ներս: