Երեւանի Ամերիկեան Համալսարանի Ներկայացուցիչ, Այցելեց Այնճար
Երեքշաբթի 8 նոյեմբեր 2016-ին, Երեւանի Ամերիկեան համալսարանի ընդունելութեան բաժամունքի տնօրէն՝ Արինա Զոհրապեան այցելեց Ազգ. «Յառաջ» Գ. Կիւլպէնկեան Երկրորդական վարժարանը, եւ «Մուսա Լեռ» սրահին մէջ երկրորդականի կարգերու աշակերտութեան ներկայացուց համալսարանէն ներս ուսման կարելիութիւնները: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Աւետարանական վարժարանի երկրորդականի աշակերտները, եւ ծնողներ:
Տնօրէնին ողջոյնի խօսքին յաջորդեց Արինա Զոհրապեանի տեսաերիզի ցուցադրութիւնը, որ կը ներկայացնէր նախ համալսարանի կառոյցը, ապա այնտեղ փոխանցուող մասնագիտութիւններու այլազանութիւնը: Տիկ.Զոհրապեան բացատրութեան աւարտին հարցումներ ուղղելու առիթ ընծայեց աշակերտներուն: Հանդիպումէն ետք տիկ. Զոհրապեան շրջեցաւ վարժարանի տարբեր բաժանմունքները:
Այցելեց նաեւ Այնճարի քաղաքապետարանը, Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի գրասենեակը, և շրջեցաւ գիւղը:



