
Տարեցներու Հաւաքոյթ
Ուրբաթ 11 Նոյեմբեր 2016-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին , «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ Գ. Կիւլպէնկեան սրահը ողողուած էր Այնճարի տարեցներով, որոնք ընդառաջած էին Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային ծառայութեան յանձնախումբի հրաւէրին: Բարերարութեամբ` Տէր և Տիկին Սեդրակ Բաբիսեան ամոլին՝ ճաշկերոյթ սարքուած էր, ներկայութեամբ Այնճարի հոգեւոր հայրերուն, Առաքինազարդ քրոջ, Տէր և Տիկին Պատուելի Ագպաշարեանին և շուրջ 100 ներկաներու:
Բացման խօսքը կատարեց ընկերուհի Ծաղիկ Հերկելեան, ուր ան ողջունեց բոլոր ներկաները, ապա հրաւիրեց Վիքթորիա Գէորգեանը, որ վարէ ձեռնարկը՝ իր գեղեցիկ ձայնով ճոխացուց մթնոլորտը, առիթ ընծայեց հոգեւորականներուն փոխանցելու իրենց սրտի խօսքը, որոնք դրուատեցին Լ.Օ.Խականներուն ծառայութիւնը, ի մտի ունենալով միշտ տարեցներու հանդէպ անոնց ունեցած հոգածութիւնը՝ բարոյապէս և ընկերային մթնոլորտով մէկտեղելու զանոնք յաճախ:
Փակման խօսքով՝ Լ.Օ.Խ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ Մատլէն Խօշեան, գնահատական արտայայտութիւններ ուղղեց բարերարներուն, ներկաներուն և գործող ընկերուհիներուն, որոնք կը ջանան հոգեպէս հզօրացնել գիւղին հանդէպ իրենց ներդրումը ունեցած տարեց խաւին: Երկու ժամուայ ուրախ և հաճելի պահերէն ետք, ներկաները մեկնեցան դարձեալ հանդիպելու յոյսով:









































