
Յարգանք՝ Գ. Կիւլպէնկեան Մեծն Բարերարին
Հինգշաբթի 17 Նոյեմբեր 2016-ին, Այնճարի Ազգ. «Յառաջ» Գ. Կիւլպէնկեան Վարժարանի 12-րդ դասարանի Հայոց Պատմութեան դասապահը յատկացուած էր, վարժարանի բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի անցած ուղիին: Կարդացուեցաւ մեծ բարերարին կենսագրութիւնը, ուր շեշտուեցաւ անոր ձեռներեցութիւնը, թէ ինչպէս կոչուեցաւ «մըստըր 5%»:
Ապա Կարէն Անտոնեան, Լիզպոնի կիւլպէնկեան թանգարան այցելութեան առիթով, իր ունեցած տպաւորութիւնները փոխանցեց:



