Լուրերու Արխիվ

Avedaranagan Angakhoutioun

Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանը Նշեց Լիբանանի Անկախութեան Տօնը.

Հինգշաբթի 17 Նոյեմբեր 2016-ին, Այնճարի Հայ Աւետարանական երկրորդական վարժարանի «Հետուիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան 73րդ ամեակի նուիրուած ձեռնարկ, որու ընթացքին գնահատուեցան վարժարանի շրջանաւարտ Լիբանանի զօրքի սպաները եւ շրջանի մէջ պաշտօնավարող սպաներ:
Պաշտօնական հիւրերը դիմաւորուեցան վարժարանի աշակերտներէն կազմուած ՀՄԸՄ Այնճարի փողերախումբով:
Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի Պետական Նախկին նախարար Զօրավար Փանոս Մանճեան, Լիբանանի զօրքի սպաներէն ներկայացուցիչներ, Այնճարի Քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցակազմը եւ մեծ թիւով ծնողներ:
Ձեռնակը ընթացք առաւ դրօշակի արարողութեամբ, որմէ ետք պաշտօնական հիւերը հրաւիրուեցան մասնակցելու առիթին նուիրուած Մայրիի ծառատնկումին:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց վարժարանի ուսուցչուհիներէն՝ Հելէն Ապու Րժէյլի: Ան պատմական ակնարկով մը ներկայացուց Լիբանանի անկախութեան հռչակման շրջանի դժուարութիւները եւ շեշտեց Լիբանանի զօրքին տարած ջանքերուն կարեւորութեան վրայ պահելու համար Լիբանանի անկախութիւնը:
Ապա Վարժարանի աշակերկտները ներկայացուցին Լիբանանի անխախութեան նուիրուած կենդանի պատկեր մը, որմէ ետք խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն՝ Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան:
Պատուելի Ագպաշարեան ներկաներուն շնորհաւորեց Լիբանանի անկախութեան տօնը եւ ըսաւ թէ իսակական անկախութիւն կունենանք եթէ իւրաքանչիւր անձ վայելէ այն ազատութիւնը որ Աստուած կ՛ուտայ հիմնուած մարդկային սկզբունքներու վրայ ինչպէս՝ սէր, պատասխանատուութիւն եւ յարգանք որոնք կուսուցանուին եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ ակումնբներու մէջ:
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Լիբանանի Պետական նախկին նախարար՝ Զօրավար Փանոս Մանճեան: Զօրավար Մանճեան ըսաւ թէ Լիբանան ունի ամբողջական անկախութիւն, որովհետեւ Լիբանանի սահմանները կը վայելեն Լիբանանի զօրքին պաշտպանութիւնը:
Ան իր խօսքի աւարտին ըսաւ թէ Հայ աշակերտները իրբ հայ-Լիբանանցիներ պէտք է նեցուկ կանգնին, ոչ միայն լիբանանի անկախութեան այլ՝ Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններու պաշտպանութեան եւ անկախութեան:
Ապա Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան եւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան Զօրավարին պատուեցին գնահատանքի յուշանուէրով:
Վարժարանի «Հէքեաթ» պարախումը, պարուսոյց ունենանլով Տիկ. Մարալ Թընկըրեանը, ներկայացուց Լիբանանանեան պար մը, որմէ ետք յաջորդաբար վարժարանի աշակերտներէն Սարին Քէօֆթէեան եւ Կասիա Պօյաճեան ներկայացուցին Լիբանանցի բանաստեղծներէ անկախութեան նուիրուած խօսքեր՝ իսկ Մարիա Աբէլեան ներկայացուց Լիբանանի զօրքին նուիրուած երգ մը:
Նազանի Ադամեան եւ Զաւէն Գապագեան ասմունքեցին Նիզար Գապանիի բանաստեղծութիւններէն կտոր մը:
Աւարտական պարէն վերջ բեմ հրաւիրուեցան Լիբանանի զօրքի սպաներէն ներկայացուցիչներ, որոնց յանձնուեցաւ գնահատանքի յուշանուէրներ:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ կարկանդակի հատումով եւ հիւրասիրութեամբ:

1
2
3
5
4
7
6
8
9
10
12
11
13
14
15
16
17
18
19
20
21
23
24
22
26
25
27
29
28
30
31
32
33
34
36
35
Avedaranagan-Angakhoutioun

?>