
Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի Նախակրթարանի Աշակերտներու Այցելութիւնը Քաղաքապետարան
Ուրբաթ 18 Նոյեմբեր 2016-ին,Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի Նախակրթարանի աշակերտները այցելեցին Քաղաքապետարան, Լիբանանի 73րդ անկախութեան առիթով: Անոնք դիմաւորուեցան Այնճարի քաղաքապետին՝Պր. Վարդգէս Խօշեանի կողմէ եւ ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր՝ երգեր եւ ասմունքներ նուիրուած Լիբանան հայրենիքին: Ապա խոստում տուին ըլլալ օրինակելի հայ լիբանանցի քաղաքացիներ:
Քաղաքապետը բարձր գնահատեց աշակերտներուն կատարումը եւ շեշտեց որ հաւատարիմ մնան իրենց սորված արժէքներուն իբր լիբանանցի եւ մասնաւորաբար իբրեւ հայ ազգի զաւակներ: Յայտագրի աւարտին, քաղաքապետութեան կողմէ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:



























