ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
Կիրակի 20 Նոյեմբեր 2016-ի առաւօտեան, Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ և Հայ Կաթողիկէ «Ս. Վարդարանի Տիրամայր» եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Սուրբ և Անմահ Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Մովսէս և Անահիտ Տէր Գալուստեաններու յիշատակին: Արարողութենէն առաջ տեղի ունեցաւ Ծաղկեպսակի զետեղում, Մովսէս Տէր Գալուստեանի կիսանդրիի առջեւ:
Ապա «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ սուրճի հիւրասիրութիւն, որու ընթացքին ներկայ էին գիւղիս հոգեւոր հայրերը, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան և միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Այնճարի քաղաքապետ խօսք առնելով ըսաւ: «Մենք այսօր համախմբուած ենք Խիզախ և Ազգային Հերոս՝ Մովսէս Տէր Գալուստեանի յիշատակին շուրջ յարգելու համար անոր փառահեղ գործունէութեամբ կերտուած վաստակը: Իր անձնական օրինակի և անձնուրաց ծառայութեան ոգիի արտայայտութիւնը պիտի խթան հանդիսանան Մուսալեռցի ամէն մէկ անձի հոգիին ուր ալ գտնուին անոնք: Աշխարհի զանազան շրջաններուն մէջ ալ տարածուող Մուսալեռցիներու անխորտակ միջնաբերդը նկատուող Այնճար հայաւանը, պիտի շարունակէ գործել և ապրիլ իր շունչով և ոգիով»: