Միօրեայ Դասընթացք «Քանափէներ» և Թացաններ
Կազմակերպութեամբ՝ Լ.Օ.Խ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին, Ուրբաթ 18 Նոյեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Լ.Օ.Խ-ի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ «Քանափեներու» և Թացաններու Միօրեայ դասընթացք մը, Ընկերուհի Փառանձեմ Քէլեանի կողմէ:
Լ.Օ.Խ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան և դաստիարակչական յանձնախումբին անունով, բարի գալուստի խօսք մաղթեց ներկաներուն՝ Ընկերուհի Ռիթա Քիւսպէքեանը, անդրադառնալով և նկատի ունենալով որ ամանորի սեմին կը գտնուինք և յանձնախումբը նորութիւններու հետամուտ ըլլալով, խոհանոցը հարստացնելու և ճոխ սեղաններ պատրաստելու համար, յատուկ առիթ մը ստեղծեց: Չմոռնալով որ մօր մը մատուցած, յատկապէս հայ մօր ուտելիքը, անփոխարինելի է ընտանիքին համար, ընտանիքի բոլոր անդամները կը փնտռեն տան մէջ մօր ձեռքերով պատրաստուած ուտելիքին համն ու հոտը: Որքան ալ շլացուցիչ ըլլան արեւմտեան և օտարոտի ճաշերուն և թացաններուն, քանափեներուն տեսքն ու քաշողականութիւնը, մենք կը նախընտրենք մեր հարազատ ուտելիքները:
Եթէ կան ներմուծուած ճաշեր, մեր մայրերը իրենց հմտութեամբ զանոնք կը փորձեն յարմարեցնել մեր քիմքին ու ճաշակին:
Ընկերուհի Փառանձեմ Քէլեան, իբրեւ տիպար մայր, տանտիկին, տնտեսող, և վարպետ ճարտար ձեռքերով, ինքնաշխատութեամբ և ճաշակով, ներկաներուն առջեւ պատրաստեց թացաններու և «քանափէներու» ճոխ սեղան մը, որ բարձր գնահատուեցաւ բոլորին կողմէ:
Ձեռնարկի աւարտին, ընկերուհիներուն կողմէ իրեն հանձնեցին յուշանուէր մը: