Մեծն Հերոս՝ Մովսէս Տէր Գալուստեան
Հինգշաբթի 24 Նոյեմբեր 2016-ին, Այնճարի Ազգային «Գ. Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանի 12-րդ դասարանի Հայոց Պատմութեան դասապահը, յատկացուած էր Մովսէս Տէր Գալուստեանի:
12-րդ դասարանի աշակերտուհիներէն՝ Սարել Չափարեան, ներկայացուց մեծ հերոսին կեանքն ու գործունէութիւնը, ապա կարդացուեցաւ «Տաճարէն Դուրս» գրութիւնը:
Առաջնորդ ըլլալ ուզողը -լա՜ւ գիտցէք ասիկա ՝ պէտք է ունենայ սեփական ու ապրող աստուած: Պէտք է հաւատայ իր աստուծոյ ճշմարտութեան ու անմահութեան ջերմեռանդօրէն, մոլեռանդօրէն, կրկէսի վայրագ գազաններու առջեւ նետուող մարտիրոսի ամուր, անսասան, անխորտակելի հաւատքով: Պէտք է ունենայ պողպատէ նկարագիր՝ ջրդեղուած կեանքի և պայմաններու փորձութիւններուն, տաժանքներուն ու տառապանքներուն մէջ, որպէսզի բարոյապէս չտկարանայ, չսայթաքի, չդրժէ՝ դժբախտութիւններու և պարտութիւններու պարագային: Պէտք է ըլլայ անբասիր, անկաչառ ու անչահախնդիր, որպէսզի Ոսկի հորթերէ չլանալով չուրանայ իր իսկական, իր ճշմարիտ աստուածները: Որպէսզի անձնական գործէ, անձնական շահէ, անձնական նկատումներէ մղուելով չդաւաճանէ իր գաղափարին ու գաղափարակիցներուն, իր ուխտին ու իտէալին: Պէտք է ըլլայ նուիրուած ու զոհաբերուող, որպէսզի ի հարկին իր կեանքը նետէ նժարին մէջ. ի հարկին՝ քալէ կրակէ մրրիկներուն մէջէն՝ անփոփոխ ու անվարան. ի հարկին՝ կուրծքը վահան ըրած՝ կանգնած մնայ պատնէշին վրայ տարիներով, տասնեակ տարիներով: Ու պէտք է նախընտրէ հազար անգամ մեռնիլ, դժողքի փոշիի վերածուիլ, քան յուղարկաւորը ըլլալ իր պաշտած աստուածներուն:
Այդպէս էին անոնք, այն առաքելատիպ գործիչները, որոնք առաջնորդները դարձան մեր երիտասարդութեան և կերտեցին ակնարկուած «պատկառելի ուժը», մեր հոյակապ կազմակերպութիւնը: Ու իրենց ձգողական ուժը, իրենց «մագնիսը» եղաւ ոչ թէ ատելութիւնը այս անգամ այս կամ այն թշնամիին դէմ, այլ իրենց անխարդախ, խորունկ ու հզօր սէրը ազգին ու հայրենիքին, ազատութեան ու անկախութեան հանդէպ:
Դեռ կան, դեռ ունինք այդպիսի առաջնորդներ: Դեռ պիտի ունենանք շատեր:
Ատոր համար է, որ մեր կազմակերպութիւնը կը մնայ ուժեղ ու կուռ, հաւատաւոր ու կենսունակ, աւելի քան երբեք: Ատոր համար է, որ երիտասարդական նոր ալիքներ անդադար կու գան ստուարացնելու անոր ուխտեալներու շարքերը:
Վա՜յ անոնց, որ փարիսեցիի և մաքսաւորի հոգիով կը մտնեն ու կը փորձեն փերեզակի կրպակ բանալ նուիրական յարկերէ ներս:
Վա՜յ անոնց, որ իրենց աստուածները կը թաղեն՝ ուրիշ աստուածներ գտնելու ցնորքով:
Ոչ մէկ ճշմարիտ աստուած կը զիջանի ոտք դնել աստուածաթաղներու սեմին:
Դասաւանդութիւնը տեղի ունեցաւ ազգային հերոսի կիսանդրիի մօտ: