ԱՄԱՆՈՐԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՎԱՃԱՌՔ
Հովանաւորութեամբ՝ Լ.Օ.Խ-ի շրջանային վարչութեան, Նախագահութեամբ՝ Այնճարի Քաղաքապետութեան և Կազմակերպութեամբ՝ Լ.Օ.Խ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ձեռարուեստի յանձնախումբին, Ուրբաթ 9 Դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Լ.Օ.Խ-ի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ տարեկան ցուցահանդէսի վաճառքը՝ հայկական ուտեստեղէններով և տոհմիկ աւանդութիւններով:
Տէր Միւռոն Քահանայ Աւետիսեանի օրհնութեան աղօթքով, և Այնճարի Քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեանի ձեռամբ, մուտքի ժապաւէնի հատումէն ետք, բացուած յայտարարուեցաւ ցուցահանդէս-վաճառք:
Քայլերգներու ունկընդրուդենէ ետք, Ընկերուհի Նաթալի Քէնտիրճեան բարի գալուստի խօսքով, ողջունեց բոլոր ներկաները: «Ան ըսաւ, թէ ահա արդէն տարին կը հասնի իր աւարտին, և մենք կը պատրաստուինք դիմաւորելու նոր տարին, նոր յոյսերով, փափաքներով և որոշումներով: Իսկ երբ ակնարկ մը նետենք անցնող տարուան, և ուզենք գնահատել և արժեւորել մեր աշխատանքները, պիտի նկատենք թէ մեր ակնկալութիւններն ու յոյսերը շատ աւելի էին քան մեր հանդուրժողութիւնն ու համերաշխութիւնը: Բայց տակաւին, այս օրը կ'ուզենք տարբեր ոգեւորութեամբ աշխատիլ վաղուայ համար: Այսօր կը ցանենք յուսալով որ հունձքը վաղը առատ պիտի ըլլայ: Եթէ իւրաքանչիւր անհատ իր ընտանիքին, իր գործին, և այն մեծ միութեան մէջ աշխատի կորովով և խանդավառութեամբ, մենք արդէն պիտի ունենանք առատ հունձք, և վայելենք այն բարիքը, նպատակ ունենալով թէ սերունդը պիտի ստանայ «Բարի Օրինակ Մը»: Լ.Օ.Խը կը գործէ այն տեսլականով, որ ձեռարուեստի յանձնախումբը, որպէս անբաժան մասնիկ, կուգայ այս ցուցահանդէսով ներկայացնելու իր տարեկան աշխատանքը, մաղթելով բոլորին լաւագոյնը: Նոր Տարին և Սուրբ Ծնունդը այն գեղեցիկ ժամանակաշրջանն է, նուէրներու փոխանակման և ուրախութեան: Յանձնախումբին նպատակն է տեսնել և տարածել հայկական ձեռագործները ամէն տեղ, ի նպատակ քաջալերելու արուեստին ու ձեռարուեստին, և գնահատելով հայ տիկնոջ աշխատանքը այս մարզէն ներս»:
Յատուկ շնորհակալութեան խօսք յայտնեց «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, Այնճարի քաղաքապետութեան, SPNL հաստատութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր այն ընկերուհիներուն, որոնք անսակարկ նուիրումով աշխատեցան յաջողցնելու այս ցուցահանդէսը:
Ապա, իր խօսքը փոխանցեց Քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան: «Ան ըսաւ, թէ Լ.Օ.Խ-ը այն կազմակերպութիւնն է, որ իր հզօր գործը անպայմանօրէն յարգանք կը պարտադրէ բոլորին, ոչ միայն իր գործին համար, այլ ծառայութեան ոգիին, որոնք անխտիր և մեծ երկիւղածութեամբ կը նային Լ.Օ.Խ-ի աշխատանքին: Լ.Օ.Խ-ը այն կանանցի հաստատութիւնն է, որ նոյնիսկ կրնայ արցունքի կաթիլ մը սրբել և վիշտ մը թեթեւցնել: Լ.Օ.Խ-ի գործունէութիւնը կարելի չէ անպայման սահմանաբակել ընկերային կամ առողջապահական ծիրէն ներս, որովհետեւ ան, ընդարձակ և ազգային բոլոր արժէքներու վրայ գուրգուրացող է, ու կը զոհուի կամաւոր կերպով, որտեղ կամաւորագրուած են տիկինները, բոլորովին իրենց կամքով, նուիրաբերելու համար իրենց կարելին, որպէսզի ի յայտ բերեն այս կատարեալ աշխատանքը, որուն մենք ականատես ենք: Ամբողջ Այնճարի անունով, գնահատեց ձեռնարկին հրաշալի աշխատանքը, անդրադառնալով թէ այս գործը իսկապէս հրաշալի ու մեծ գործ է, որովհետեւ այս ընթացքով է որ կանգուն կը պահենք մեր աւանդութիւններն ու ազգային բոլոր արժէքները, որոնք պէտք չէ երբեք խափանուին: Եւ վերջապէս, ան ըսաւ թէ Լ.Օ.Խ-ը, միշտ գեղեցկացուցած է մեր գիւղի հաստատութիւններու մէջ ըլլալ իր ներկայութեամբ, ուժ տուած է նոր սերունդին, քաջալերած է իգական սէրը, որպէսզի անպայմանօրէն մասնակից դառնայ, նախանձախնդիր ըլլալով մեր բոլոր կրթական և եկեղեցական արժէքներուն, և հաստատօրէն ներգործած է մայրական այն մթնոլորորտը, որ պիտի դաստիարակէ վաղուան երիտասարդները»:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան՝ Այնճարի հոգեւոր հայրերը, Առաքինազարդ Քոյրը, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները, Լ.Օ.Խ-ի շրջանային վարչութիւնը, Զահլէ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութիւնը, թաղապետեր, «Սուրբ Պօղոս» եկեղեցւոյ թաղականութիւնը, գիւղիս տիկնաց միութիւնները, լօխ-ական ընկերուհիներ և մեծ թիւով հայրենակիցներ:
Ձուցահանդէսին վաճառուեցան հայկական ու աւանդական ուտեստեղէններ և ձեռագործներ, որուն ընդմեջէն կը ցոլայ հայ օրիորդին կամ տիկինին մատներուն ճարտարութիւնն ու ճաշակը:
Իսկ Շաբաթ 10 եւ Կիրակի 11 Դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ նաեւ մանուկներու յատուկ յայտագիր, ներկայութեամբ մեծ թիւով մանուկներու եւ պատանիներու, ուր եղան մանկական խաղեր, երգեր ու պարեր, առաջնորդութեամբ՝ Տիկին Լիզա Հէքիմեանի և Եղբայր Ժանօ Փամպուքեանի և իրենց երիտասարդական խումբին, կեդրոնիս կողքին, յատուկ տաղաւարի մը մէջ:
Խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ փոքրիկներուն, երբ կաղանդ պապաները իրենց նուէրներով մուտք գործեցին տաղաւար: Անոնք ներկայ բոլոր մանուկներուն բաժնեցին յատուկ ծրարներ, կաղանդի ուտեստեղէններով լեցուն, տրամադրուած Այնճարի քաղաքապետութեան կողմէ:
Յայտագիրէն ետք տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն:
Վարձքը կատար բոլորին:
- Ծանօթ: Ձեռարուեստի յանձնախումբի կրպակի ձեռագործները ձմրան ընթացքին պիտի վաճառուի Լ.Օ.Խ-ի աշխատանոցէն ներս:



