
Չմոռնանք մեր պապերուն լեզուն:
Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի հիւր բանախօսուհին էր Տիկ. Վիքթորիա Գէորգեանը, որ յստակօրէն նշեց Մուսալեռցիներուն իւրայատուկ սովորութիւնները, աւանդութիւններն ու տոհմիկ ճաշերը Ուրբաթ 9 Դեկտեմբեր 2016-ին: Որմէ ետք, խումբ մը աշակերտներ Մուսա Լերան բարբառով մաղթանքներ փոխանցեցին ներկաներուն։ Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն` աւանդական «կէթնը քէղքէ»։



