Կաղանդի ու Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօներու Առիթով Աշակերտական Գեղարուեստական Յայտագիր:
Ուրբաթ 23 Դեկտեմբեր, 2016ին, «Գ.Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Կաղանդի եւ «Սուրբ Պօղոս» եկեկղեցւոյ անուանակոչութեան տօնախմբութիւն:
Ներկայութեամբ՝ քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի, գիւղիս հոգեւոր հովիւներուն, «Սուրբ Պօղոս» եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, խնամակալութեան, պատկան մարմիններու, միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ ծնողներու ու բարեկամներու հոծ բազմութեամբ բացումը կատարուեցաւ աշակերտական գեղարուեստական ձեռնարկին:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ 11-րդ դասարանի աշակերտուհիներէն՝ Ալիք Սթամպուլեան, ան ողջունելէն ետք ներկաները, ըսաւ՝ թէ քիչ օրեր մնացին 2016 թուականէն, որուն վարագոյրը փակուելով ան իր յատուկ տեղը պիտի գրաւէ մեր յիշողութեան մէջ: Ալիք խօսելով աշակերտներուն՝ այս առիթով, իրենց լաւագոյնը ներկայացնելու պատրաստակամութեան մասին ըսաւ,- «Ազգային վարժարանի աշակերտներն են , որոնք իրենց մատղաշ շարժումներով գեղարուեստական նոր ճաշակ կը մատուցեն գունագեղ երանգներու միաձուլումով, օտարալեզու մշակոյթին կողքին կը հնչեցնեն հայ երգն ու երաժշտութիւնը, իրենց ձայնը միացնելու հայրենիքին, նա մանաւանդ սահմանամերձ ապրող իր հայրենակիցին, որ իր յամառ պայքարով կը գոյատեւէ ու կը յաղթահարէ թշմանիին անխնայ ու անտեղի յարձակումներուն»:
Ալիք շնորհաւորելով «Ս.Պօղոս» եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը, ան դրուատեց անոր կարեւորութիւնը, որպէս գիւղի ճակատը գտնուող ամրակուռ կառոյց եւ որպէս վարժարանի յենարան ամրոց:
Եւ վերջապէս Ալիք ամբողջ վարժարանի մեծ ընտանիքին անունով ջերմագին բարեմաղթութիւններ կատարեց վարժարանի բոլոր բարերարներուն, որոնց ներդրումներուն շնորհիւ կրթօճախը իր յաղթական երթը կը շարունակէ իր առաքելութեան մէջ:
Գեղարուեստական յայտագրի որպէս սկիզբ՝ Դ.Ե.Զ. կարգերու երգչախումբը, խմբավարութեամբ՝ Տիկ. Նայիրի Հապէշեանի, իր «Քրիստոսի Ծննդեան երգ», «Հրաշք Մեղեդի», «Նոր Տարին», «Campana Sobre Campana», «Feliz Navidad» եւ «Ապրել խաղաղ» երգերով փոխանցեց ծննդեան խորհուրդը, ապա Ա.Բ. դասարաններու պարախումբը «Թամուր Աղա» ազգագրական պարով ներկայացաւ հանրութեան: Գունագեղ տարազներով ու խանդավառ մուտքով Ե.Զ. կարգերու պարախումբը օրուան յայտագիրը ճոխացուց «Տալահունա» արաբական պարով, որուն յաջորդեց Օրուան պատգամախօս՝ «Ս.Պօղոս» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Միւռոն Քհնյ. Աւետիսեանի պատգամը:
Տէր Միւռոն օրը անուանեց «Հարազատ», «որովհետեւ ըսաւ ան,- դպրոց ու եկեղեցի իրարու թիկունք կանգնած՝ Յիսուսի ծննդեան խորհուրդը կը փոխանցեն հանրութեան, երեւոյթ մը, որ մեր պատմութեան մէջ կրկնուած է յաճախ»:
Ապա Տէր Միւռոն անդրադարձաւ շրջակայ երկիրներու մէջ տիրող անկայուն կացութեան ու մեզի հասնող չարաշուք լուրերուն ու յուսալքութիւններուն, «սակայն, ըսաւ ան,- հայ դպրոցը, ամենադժնդակ պայմաններուն մէջ նոյնիսկ, ոտքի կը կանգնի եւ 140 մանուկ բեմ բարձրանալով մեզի փառք ու պատիւ կը պատճառեն»:
Խօսելով «Սուրբ Պօղոս» եկեղեցւոյ անուանակոչութեան մասին, Տէր Միւռոն ըսաւ, «եկեղեցին՝ կրելով Յիսուսի առաքեալներէն Սուրբ Պօղոսի անունը, որ կը յատկանշուի իր զօրաւոր անհատականութեամբ եւ ուժեղ կամքով, հաւատարիմ մնացած է Սուրբ Պօղոսի առաքելութեան ու պիտի շարունակէ իր երթը, դաստիարակելով հաւատարիմ ու ազգանուէր սերունդներ»:
Ան խօսքը եզրափակելով պատուիրեց ներկաներուն, թէ Կաղանդի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն, ճոխ սեղաններու կողքին չմոոնալ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդի յոյսէն ու Բեթղեհէմէն սփռուած յաւիտենականութեան լոյսէն աւիշ առնելու :
Ա.Բ.Գ. դասարաններու երգչախումբի աշակերտները, Կաղանդ պապուկի գլխարկներով, բեմ բարձրացան եւ ներկայացուցին «Զանգերն Ի Լուռ», «Նոր Տարի» եւ «All I Want For Christmas» երգերը:
Վարժարանի աշակերտներէն՝ Վարագ Քէօշէեանէն, Շանթ Փալազեանէն, Պարոյր Ղուկասեանէն, Սերժ Քիւսպէկեանէն եւ Նարօտ Գառնէշեանէն, կազմուած նուագախումբին «Santa Clause Is Coming To Town», «Merry Christmas», «Halleluya» երգերու կատարումով ընկերացաւ Լիլիթ Աբրահամեան:
Եւ օրուան գեղարուեստական յայտագիրը իր աւարտին հասաւ 9-րդ եւ 11-րդ կարգերու եւ 7-րդ եւ 8-րդ կարգերու պարախումբերու Salsa եւ ժողովրդական ճոխ պարերով: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք պարախումբերու գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց՝ Պրն. Ժիրօ Քէչէճեանին, Երգչախումբերու խմբավար՝ Տիկ. Նայիրի Հապէշեանին, նուագախումբի ղեկավար՝ Պրն. Ռաֆֆի Թասլաքեանին, քուլիսներու ետին աշխատող բոլոր ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ վարժարանի ծնողաց խորհուրդին, որոնք ջանք չխնայեցին իրենց օժանդակութեամբ նեցուկ կանգնելու ձեռնարկի յաջողութեան: