Այնճարի Հայ Կաթողիկէ Համայնքը Նշեց Սուրբ Ծննդեան Տօնը
Կիրակի 25 Դեկտեմբեր 2016-ին, Այնճարի Հայ Կաթողիկէ համայնքը նշեց Սուրբ Ծննդեան տօնը, «Սուրբ Վարդարանի Տիրամօր» եկեղեցւոյ մէջ:
Արդարեւ տեղի ունեցաւ եկեղեցական արարողութիւն Սուրբ և Անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին Ժողովրդապետ Հայր Մեսրոպ Թօփալեան քարոզեց ներկաներուն, ու մաղթեց բոլորին խաղաղութեամբ և ուրախութեամբ բարեբեր տարի մը:
Ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը, լսելու Սուրբ Ծննդեան հոգեպարար արարողութիւնը: Սրբազան արարողութենէ ետք, եկեղեցւոյ «Աղաճանեան» սրահին մէջ, ժողովրդապետ՝ Հայր Մեսրոպ Թօփալեան, ընդունեց Ս. Ծննդեան շնորհաւորութիւնները: Ներկայ էին գիւղիս հոգեւոր հայրերը, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, քաղաքապետը, միութեանց ներկայացուցիչները, համայնքները, թաղական խորհուրդներն ու բոլոր կաթողիկէ համայնքի զաւակները, որոնք տօնական հիւրասիրութեամբ շնորհաւորեցին Քրիստոսի Ծնունդն ու իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին Այնճարի կաթողիկէ համայնքին: Հիւրասիրութիւնը կատարուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Տիկնանց Վարչութեան կողմէ:



