«Ս. ՊՕՂՈՍ» ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ
Հովանաւորութեամբ՝ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդին՝ Գերշ. Տ. Շահէ Ս. Եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ՝ Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին, Մուսա Լեռ-Այնճարի Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը արժանաւորագոյն կերպով տօնուեցաւ Երեքշաբթի 27 Դեկտեմբեր 2016ին, Ս. Պօղոս եւ Ս. Պետրոս առաքեալներու տօնին առիթով, ժամը 3:00-ին, «Ս. Պօղոս» Եկեղեցւոյ մէջ, Այնճար:
Ընթացքին, կատարուեցաւ Երեկոյեան ժամերգութիւն, Խաչահանգիստ՝ Ս. Պօղոս առաքեալի մասունքով (Սոյն մասունքը եւ իր ճաճանչը ապահովեցին եւ նուիրեցին՝ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեանն ու Հոգշ. Տ. Յովսէփ Վրդ. Աշգարեանը), Դպրաց Ձեռնադրութիւն՝ 35 սպասաւորներու, պարգեւատրում ծառայութեան տարուան առիթով՝ վաթսունհինգ տարիքը լրացուցած եւ երկարամեայ ծառայութիւն ունեցող՝ Տիար Պետրոս Գառնէշեանին, Օրդ. Ովսաննա Վանայեանին, և Տիկ. Մարիամ Գարօղլանեան-Թօփալեանին: Ապա, Արժ. Տ. Աշոտ Ա. Քհնյ. Գարագաշեանը ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Օրհնութեան Գիր-Կոնդակը, որով Արժ. Տ. Միւռոն Քհնյ. Աւետիսեանը իշխանութիւն կը ստանայ կրելու լանջախաչ: Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին մէջ շնորհաւորեց «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը, Պօղոս եւ Պետրոս անուանակիրները, 35 ձեռնադրուողներն ու անոնց ծնողները, բարձօրէն գնահատեց Այնճարէն ներս ծառայութեան ոգին եւ կոչ ուղղեց որ այս ոգին երբեք չխամրի: Աղօթեց որ ձեռնադրուողները քրիստոնէական առաքինութիւններով զարդարուին, եւ մաղթեց բոլոր սպասաւորներուն որ սուրբ հոգիով եւ մտքով իրենց ծառայութիւնը շարունակեն:
Վերջապէս դրուատելով Այնճարի «Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին նուիրեալ եւ աշխուժ աշխատանքը, լանջախաչ կրելու պատիւը շնորհեց Տէր Հօր, գոհունակութիւն յայտնելով որ 2016 տարին կը փակենք նման գեղեցիկ առիթով:
Ապա «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, «Սուրբ Պօղոս» եկեղեցւոյ Տիկնանցի կոմղէ: