Լուրերու Արխիվ

Zakar Kamila

Կամիլա Եւ Զաքար Քէշիշեանի «Հայկական Խճանկար» Համերգը Այնճարի Մէջ

Երկուշաբթի 26 Դեկտեմբեր 2016-ը յիշարժան թուական մը եղաւ Այնճարի հայութեան համար, երբ Զաքար եւ Կամիլա Քէշիշեան ամոլը «Հայկական Խճանկար» երաժշտական յայտագրով հանդէս եկան Այնճարի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ:

Կազմակերպութեամբ Այնճարի Հայ Աւետարանական Համայնքին եւ հովանաւորութեամբ` Այնճարի Քաղաքապետական խորհուրդին, սոյն ձեռնարկը ամանորեան լաւագոյն նուէրը հանդիսացաւ գիւղի երաժշտասէր հանրութեան:

«Թող որ անոնց մատուցած իւրաքանչիւր կշռոյթի հետ, Աստուծոյ օրհնութիւնները տեղան մեր գլխուն, դառնան աղօթք առ Աստուած, մաղթանք ըլլան աշխարհի խաղաղութեան, եւ կոչ՝ մեր ազգային ու քրիստոնէական արժէքներու պահպանման»: Արփա Այնթապլեանի կողմէ բացման խօսքի ընթացքին արտասանուած վերոյիշեալ խօսքերը իսկապէս ալ թարգմանը հանդիսացան մեծատաղանդ երաժիշտներուն ներկայացուցած փունջ մը հայկական մեղեդիներուն:

Դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Տիկ. Կամիլան, իսկ շուիով եւ տուտուկով Պրն. Զաքարը կատարեալ բծախնդրութեամբ եւ մեծ յուզմունքով ներկաները առաջնորդեցին հայկական հարազատ երաժշտական անդաստանէն ներս, ու զանոնք պարուրեցին Կոմիտասի, Սայաթ Նովայի, Աւետիսեանի, Հախինթեանի եւ բազմաթիւ այլ հայ մեծ երաժիշտներու շունչով: Երաժշտական ներկայացումները յաճախ ընդմիջուեցան Կամիլայի եւ Զաքարի զուարճախօս դրուագներով:

Բարձրորակ ներկայացումը իր աւարտին հասաւ մուսալեռցիներու սրտի մօտիկ «Լեռնցիներու Պար» եղանակով, իսկ ժողովուրդը իր սրտի գոհունակութիւնը արտայայտեց բուռն ծափահարութիւններով:

Այնճարի Հայ Աւետ. համայնքը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ մեր փայլուն աստղերուն՝  Կամիլա եւ Զաքար Քէշիշեան ամոլին եւ կը մաղթէ իրենց յաջողութիւն եւ յարատեւ վերելք իրենց կատարած առաքելութեան մէջ:

1
2
3
4
5
6
7

?>