MTV պատկերասփիւռի պատուիրակութիւնը այցելեց Այնճար, «Ս. Ծննդեան» յատուկ յայտագիր մը նկարահանելու նպատակով
Կազմակերպութեամբ՝ Հ.Յ.Դ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, Երեքշաբթի 3 Յունուար 2017-ին, MTV պատկերասփիւռի պատուիրակութիւնը այցելեց Այնճար, «Ս. Ծննդեան» յատուկ յայտագիր մը նկարահանելու նպատակով: Անոնք նկարահանումներ կատարեցին Լ.Օ.Խ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի կեդրոնէն ներս, ուր ցուցադրուած էին մուսա լերան և Այնճարի աւանդական ճաշատեսակներ և անուշեղէններ, որոնց պատրաստութեան մասնակցած էին 3 եկեղեցիներու տիկնանց վարչութիւնները և Լ.Օ.Խ-ի ընկերուհիները: Ապա պատուիրակութիւնը այցելեց Լ.Օ.Խ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ձեռարուեստի աշխատանոցը, ուր ծանօթացան հայկական ձեռագործներու:
«Ս. Զէյթլեան» կեդրոնէն ներս, Տոքթ. Խաժակ Այնթապլեան խօսեցաւ Այնճարի համայնքներու, եկեղեցիներու, դպրոցներու և միութիւններու մասին:
Ապա քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեանի ընկերակցութեամբ, անոնք շրջեցան Այնճարի տեսարժան վայրերը, բերդը, լեռը և ակը, որուն ընթացքին քաղաքապետը անդրադարձաւ Այնճարի մասին տեղեկութիւններով:
Ապա Եսայի Հաւաթեան Հ.Յ.Դ «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնէն ներս խօսեցաւ Մուսա լերան և Այնճարի հիմնադրութեան մասին:
Նկարահանումը պիտի շարունակուի Հինգշաբթի 5 Յունուար 2017-ին, և պիտի սփռուի MTV պատկերասփիւռի կայանէն Կիրակի 8 Յունուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին:



