![]()
Հ.Յ.Դ «Յառաջ» պատանեկան միութեան կրտսերներու Ամանորի Հաւաքոյթը
Հ.Յ.Դ «Յառաջ» պատանեկան միութեան կրտսերներու Ամանորի Հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի 4 Յունուար 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն 5:00: Աստղանշաններու հետեւելով, կրտսերները թափառեցան գիւղի փողոցները՝ գտնելու կաղանդ պապան: Երբ հասան «Դալար Անկիւն», զիրենք թմբուկով դիմաւորեցին երկու կաղանդ պապաներ և միասնաբար ուղղուեցան դէպի «Ս. Զէյթլեան» կեդրոն, ուր երգեցին, պարեցին և ուրախացան: Կաղանդ պապաները կրտսերներուն նուիրեցին Ազգային-Յեղափոխական երգարաններ:

























