Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան Ֆրեզնոյի Մէջ Պիտի Ներկայացնէ Իր Նոր Հրատարակած Գիրքը
ՖՐԵԶՆՕ.- Դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան Ուրբաթ, 27 Յունուարին, Ֆրեզնոյի նահանգային համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժանմունքի «Էլիս Փիըրզ» սրահին մէջ պիտի ներկայացնէ իր նոր հրատարակութիւնը՝ Armenian Communities of the Northeastern Mediterranean: Musa DaghDort YolKessab:
Ֆրեզնոյի նահանգային համալսարանի հայկական ծրագիրի կազմակերպած հիւր դասախօսութիւններու շարքի այս առաջին ձեռնարկը հովանաւորուած է նաեւ Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական Միութեան Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին կողմէ:
Գիրքը կը կեդրոնանայ Մուսա լերան, Տէօրթ Եօլի եւ Քեսապի հայութեան պատմական, մշակութային, տնտեսական, կրթական եւ քաղաքական իրադարձութիւններուն: Գիրքին մէջ ներկայացուած են նաեւ Պէյլանի եւ Անտիոքի հայկական համայնքներու պատմութիւնը:
Դասախօսութիւնը բաց է շրջանի հանրութեան համար: