Հ.Յ.Դ «Կարմիր Լեռ» Կոմիտէի Քաղաքական Այցելութիւններ՝ Նոր Տարուայ և Սուրբ Ծնունդի Առիթով
Հ.Յ.Դ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, Նոր Տարուան և Ս. Ծնունդի առիթով կատարեց այցելութիւններ քրիստոնեայ կուսակցութեանց (Լիբանանեան Ուժեր, Մարատա Հոսանք, Փաղանգաւոր Կուսակցութիւն, Ազատ Ազգային Հոսանք), որուն ընթացքին շնորհաւորական խօսքերէ բացի արծարծուեցան շրջանիս յուզող հարցեր: