Լուրերու Արխիվ

vartanats

ՄԱՀ ԻՄԱՑԵԱԼ ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆ Է

 

   Ըստ աւանդութեան այս տարի եւս արժանավայել հանդիսութեամբ մը յիշատակուեցաւ Վարդանանց խոյանքը, Փետրուարեան ապստամբութիւնը և Արցախի պահանջատիրութիւնը:

   Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» Կոմիտէի Քարոզչական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ և կազմակերպութեամբ Հինգշաբթի 23 Փետրուար 2017ին, երեկոյեան ժամը 5:00ին տեղի ունեցաւ հանդիսութիւնը «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս:

   Գեղարուեստական բաժինը յանձն առած էին գիւղիս երեք վարժարաններու աշակերտները:

   Իր բացման խօսքին մէջ ընկերուհի Մարինէ Գարայեան ողջունեց ներկաները, ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Վարդանանց խորհուրդը, Պոլշեւիկեան բռնատիրութեան դէմ պոռթկացող ապստամբութիւնը, ուր շեշտեց թէ, « Հայը չի յուսահատիր, ինչ որ ըլլան հանգամանքները, ոչ մէկ ընկրկում:»

   Ապա բեմ բարձրացան Հայ Կաթղիկէ Քոյրերու վարժարանի աշակերտները որոնք կենդանի պատկերով մը ներկայացուցին օրուայ խորհուրդը, որուն յաջորդեց Հայ Աւետարանական Երկրորդական վարժարանի աշակերտական երգչախումբը:

   Օրուայ առաջին պատգամախօսն էր վերապատուելի Հրայր Չոլաքեան, իր խօսքին առաջին բաժինով անդրադարձաւ Վարդան Մամիկոնեանի կեանքին: Ան ըսաւ- «Հերոսներ պատահական ու անակնկալօրէն չեն յայտնուիր: Սուրբ Վարդանանց տօնին, երբ կը յիշենք 64-ամեայ, Աւարայրի դաշտին վրայ պատերազմող ու նահատակուող սպարապետը, շատ յաճախ կը մոռնանք այն ազդակներն ու տուեալները, որոնք զինք հասցուցին այս մեծ ու յիշատակելի օրուան:»

Գեղարուեստական երկրորդ բաժինով Ազգային Յառաջ «Գ. Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին խմբերգ մը ապա Հայ Աւետարանական Երկրորդական վարժարանի աշակերտներու կողմէ մատուցուեցաւ ասմունք մը:

   Այնճարի Քաղաքապետ, ընկեր վարդգէս Խօշեան բեմ հրաւիրուեցաւ փոխանցելու օրուայ պատգամն ու խորհուրդը: Ընկեր քաղաքապետը շեշտեց  որ «Մեր անցեալի  իրադարձութիւնները վերանայելով կը հաստատենք թէ մեր ժողովուրդին նկատմամբ կիրարկուած բոլոր հալածանքները նպատակ ունեցած են կտրատել ու տկարացնել մեզ:»

   Ընկեր Խօշեան անդրադարձաւ Փետրուարեան ապստամբութեան մանրամասնութեանց: « 1921ի Փետրուար 18ը ամէն կարգի բռնութեանց, անիրաւութեանց  դէմ ծառացող ապստամբութիւն էր, որ համաժողովրդային կամքով արտայայտուած ըմբոստութիւն էր բռնակալին դէմ որ այդ հանգրուանին մեզի  կը ներկայանար պոլշեւիկեան դիմակով:  Դարձեալ թշնամին դիմեց ղեկավարութիւնն ու մտաւորականութիւնը անջատել ժողովուրդէն և մեր ճակատագրի հոլովոյթը կրկնելու նման կրկնուեցաւ հալածանքի նոյնանման բարբարոսութիւնները:»

Ընկեր Վարդգէս Խօշեան արագ ակնարկով մը ներկայացուց վերջին շրջանի ազատագրական մեր պայքարը, յիշեց անարգաբար սպանուած մեր նահատակները այդ պայքարի ընթացքին և հաստատեց որ: « Միջազգային շահադիտական դիւանագիտութիւնը նոյնն է ու մնայուն բարեկամ ունենալու երաշխիքներ գոյութիւն չունի: 1988ին նոյնպէս Փետրուարին ծնունդ առած Ղարաբաղեան ազատագրական պայքարը չի կրնար մեր սեփական ուժերէն դուրս լուծում գտնել:»

Ան շարունակեց: « Սակայն Արցախը մերն է. Մեր գոյութեան միջնաբերդը. Պիտի շարունակենք պաշտպանել զայն մեր կեանքով, արեամբ ու հաւատքով:» ընկեր Քաղաքապետը անդրադարձաւ նաեւ գիւղի յուզող կարգ մը հարցերուն:

Ան ժողովուրին ուղղելով իր խօսքը շարունակեց ըսելով,« թէ մեր գիւղը ունի պատմական ու ազգային մեծ նշանակութիւն, և անոր հայեցի դիմագիծը անաղարտ կերպով պահպանելը անհրաժեշտութիւն է և հրամայական և մեզի համար և սփիւռքի և մանաւանդ Հայաստանի իշխանութիւններուն:»

Ան աւելցուց թէ, « Մեր եկեղեցական կրօնական դաստիարակութեան արգասիքը մեր հաւատքն է. Քրիստոնէական հաւատքը, որ մօտաւորապէս երկու հազարամեակէ ի վեր մեր գոյութեան իմաստն ու ոգին բնորոշեց»

« Ազգային գործին փարելու ու զայն անխարդախ ու ջինջ եղանակով վարելու մեր խիղճը եկէք ազնուացնենք, սիրոյ, յարգանքի ու երախտագիտութեան հասկացողութեամբ: Մենք պարտաւոր ենք հաւաքաբար նուիրումի զգացումը ստեղծել ու շուրջպար բռնելու նման իրարու ձեռք տանք շրջանակ կազմենք ու զօրակոչ յայտարարելով միահամառ կեցուածքով դիմաւորել բոլոր մարտահրաւէրները»

« Այս գիւղի ամբողջականութիւնը վեհափառ Հայրապետի օրհնեալ կեցուածքներու ու մեր գաղութի ու արտերկրի բոլոր ազգային ու կուսակցական հաստատութեանց մտահոգութեան առարկայ է»

« Կը հաւատանք, որ այս գիւղի բոլոր հայորդիները- բոլորը անխտիր – կենսական անհրաժեշտութիւն են»

« Մենք հպարտ ենք ձեզմով, ու կը հաւատանք, որ այս գիւղը հետզհետէ աւելի երիտասարդ տարրերով պիտի ուռճանայ - բարգաւաճի, որովհետեւ մենք ձեր բոլորին գործակցութեամբ պիտի յաջողինք ստեղծել տնտեսական և ապրուստի բարօր պայմաններ և կարելիութիւններ»

« Հրապարակաւ ու երախտագիտութեամբ պիտի ողջունենք ամէն քայլ, իւրաքանչիւր ծրագիր, որ կը միտի Այնճարի ու Այնճարցիներու կենսամակարդակի բարելաւման ու զարգացման:»

Իր խօսքին վերջին բաժինով ըսաւ: « Փառք Վարդանանց հերոսամարտի և Փետրուարեան ապստամբութեան կերտիչներուն, հազար փառք յաղթանակ կերտելու ներշնչում արտայայտող մեր ժողովուրդին:»

   Յետ բանախօսութեան, Ազգային Յառաջ «Գ. Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին գեղեցիկ պար մը:

   Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Տէր Միւռոն Քահանայի պահպանիչով:

   Ժողովուրդըը ոգեւորուած մեկնեցաւ սրահէն:

vartanats
IMG6044
IMG6053
IMG6056
IMG6059
IMG6062
IMG6066
IMG6074
IMG6083
IMG6077
IMG6093

?>