Տոհմիկ Երեկոյ
Հովանաւորութեամբ Այնճարի Քաղաքապետութեան, նախագահութեամբ Ճորճ Փուչիկեանի և կազմակերպութեամբ Ազգ. «Յառաջ» Գ. Կիւլպէնկեան Քոլէճի ծնողական խորհուրդին, Շաբաթ 25 Փետրուար, 2017ին, երեկոյեան ժամը 8:00էն սկսեալ, ճաշարան «Արեւ»ի մէջ տեղի ունեցաւ տոհմիկ Երեկոյ:
Բացման խօսքը փոխանցեց Տիկ. Սիլվա Քէնտիրճեան: Ան ըսաւ,- «... ինչպէս գիտէք, 2017 թուականը հռչակուած է Վերանորոգման Տարի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կողմէ: Մարդու վերանորոգումը կը սկսի ինքնաճանաչումով և իր Աստուածատուր կոչումին նկատմամբ իր ունեցած հաւատարմութեան վերահաստատումով: Հայ մարդն ալ ենթակայ է զինք շրջապատող իրականութիւններուն ու անոնց ազդեցութիւններուն: Հետեւաբար, Հայ մարդու վերանորոգումը առաջնահերթ կարեւորութիւն կը ներկայացն է որովհետեւ մեր ազգին, մեր եկեղեցւոյ, մեր հայրենիքին, մեր գաղութներուն ու մեր կառույցներուն հիմքը ու մեկնակէտը Հայ մարդն է:»
Օրուան հանդիսավարներն էին Պրն. Վարանդ Տումանեանն ու Օրդ. Գարնի Քէնտիրճեանը:
Երեկոյեան յատուկ փայլք մը տուին Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան և Պրն. Ջիվան Ավետիսյան:
Օրուան մթնոլորտը ճոխացուց Սիրուած Երգիչ՝ Յովսէփ-Կոմիտաս մասնակցութեամբ իր նուագախումին:
Ճոխ երգերով, և ուրախ մթնոլորտով ընկերակցեցան պարեր, որոնք տեւեցին մինչեւ ուշ գիշեր: