Սուրբ Սարգիս Զօրավարի Հեքիաթն Ու Ուխտատեղին Մուսա Լերան Քէպուսիէ Գիւղին Մէջ
Մուսա Լերան զուտ հայկական գիւղերու պատմութեան սկզբնաւորութիւնը կը մնայ անորոշութեան մէջ: Գոյութիւն ունի քանի մը վարկածներ, որոնցմէ մէկը կ՚առնչուի Մեծն Տիգրանի կայսրութեան ստեղծումին, ուրիշ մը՝ Կիլիկիոյ Հայոց Ռուբինեանց թագաւորութեան: Երկու պարագաներուն ալ, հայութեան բեկորներուն մէկտեղումը Մուսա Լերան փէշերուն, անհաւանական չէ: Նոյն ձեւով գոյութիւն առած պէտք է ըլլայ Որոնդէսի հովիտով Մուսա Լեռէն բաժնուած Կասիոս լերան փէշերուն թառած Քեսապը՝ իր շրջակայ գիւղերով:
Մուսա Լերան վեց գիւղերը նկարագրային, նիստ ու կացի կարգ մը զանազանութիւններով, ու մանաւանդ լեզուաբարբառային յստակ տարբերութիւններով, երեք խմբակներու կարելի է բաժնել:
Առաջին խմբակին մէջ կ՚իյնան Եօղուն Օլուգ, Խըտըր Պէյ եւ Վագըֆ: Երկրորդ խմբակին մէջ կարելի է զետեղել, Հաճի Հապիպլին ու Պիթեասը: Երրորդ խմբակին մաս կը կազմէ նախկիններէն բարբառային եւ լեզուական տարբերութիւններով Քէպուսիէ գիւղը եւ Ջէվլէկ գիւղակը:
Քէպուսիէ գիւղը կառուցուած է միւսներէն անջատ բլրակներու վրայ, Միջերկրական Ծովու ափին, պատմական Սելեւկիոյ մօտիկը, իսկ աւելի հիւսիս Ջէվլէկ գիւղակը: Սուրբ Սարգիս Զօրավարին եւ իր զաւակին՝ Սուրբ Մարտիրոս յիշատա-կարան ուխտավայրը կը գտնուի Քէպուսիէ գիւղէն դէպի լեռ բարձրացող ճամբուն վրայ: Սուրբ Սարգիս Զօրավարը Մուսա Լերան ժողովուրդին հիացումի ու ներշնչումի աղբիւր եղած է: Ինքն ու իր երիվարը Սասունցի Դաւիթն ու Գուրգիկ Ջալալին կը յիշեցնեն: Վարդիվուր ( Վարդավառ).- Վարդավառը ցնծատօն է Եօղուն Օլուգի, Խըտըր Պէկի եւ Վագըֆի գիւղերու ժողովուրդին համար: Վարդավառը կը տօնէին Խըտըր Պէյի պատմական Սօսիին տակ եւ շուրջի նարնջենիի պարտէզներուն մէջ: Աստուածածնի տօնը մասնաւորաբար աւելի կարեւորութեամբ եւ խանդավառութ-եամբ կը տօնուի Հաճի Հապիպլիի եւ Պիթեասի ժողովուրդին կողմէ:
Նախաքրիստոնէական, եւ Քրիստոնէական դարաշրջաններուն, Հայ ժողովուրդի ազգային եւ կրօնական պատմութեան գրաւոր էջէրուն մէջ, գոյութիւն ունին անգիր մնացած բազմաթիւ ժողովրդային հէքիաթներ, հեթանոսական ծիսակատարութիւններ, ազգային շատ հին, այլ սովորոյթներ, աւանդութիւններ եւ հաւատալիքներ, որոնք դարերու ընթացքին վայելած են մեծ ժողովրդականութիւն: Ազգային աւանդութիւնները կենդանի իրենց բնոյթին մէջ մնացած ու ապրած են, պատմական Հայաստանի, եւ Կիլիկիոյ հողային տարածքներուն վրայ, գոնէ՝ մինչեւ մեծ եղեռնն ու տարագրութիւնը: Հայրենի հողերը եւ հայրենի բնակավայրերը անկասկած մեծ դեր ունեցած են անոնց գոյատեւման մէջ: Շնորհիւ մեր պատմահայրերուն բազմաթիւ առասպելական, դիւցազնական, հերոսական սխրագործութիւններ, հաւատալիքներ, հէքիաթներ, աւանդութիւններ, սովորութիւններ, յետ քրիստոնէութեան հայ եկեղեցւոյ հեռատես Սրբազան հայրերը կողմէ, ներմուծուած եւ պատշաճեցուցած են: Օրինակ, Տեառնընդառաջը, Բարեկենդանը, Վարդավառը եւ այլ տօներ….:
Գրաւոր պատմութեան էջերուն մէջ հայ հոգեբանութենէն ծնած հերոսներ, ինչպէս Արիազարմ Հայկ Դիւցազն, Արա Գեղեցիկ, Վիշապասպան Վահագն, նոյնպէս Քրիստոնէութեան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ,Սահակ Մեսրոպ, Քաջն Վարդան Մամիկոնեան, Ղեւոնդ Երէց, Վահան Մարզպան, Գրիգոր Նարեկացի եւ ուրիշներէ…հայու ցեղային հոգեբանութենէն ծնած, հերոսական պայքարներու ու պատգամներուն առաքելութեամբ, կրցած են հայրենիքի սէրը վառ պահել, խթանել ազգապահպանումը, լիցքաւորել ընտանեկան ու ընկերային արժէքները, ինչպէս նաեւ պայծառացնել Քրիստոնէական հաւատքի հոգեւոր առաքելութիւնները: Ճշմարտութեան ու բարեգործութեամբ, հայրենասիրութեամբ եւ համերաշխ ներդաշնակութեամբ, «Մահ ոչ Իմացեալ՝ Մահ է, Մահ Իմացեալ՝ Անմահութիւն է» կարգախօսով գօտեպնդուած, աշխարհականներ թէ հոգեւորականներ, հայրենիքի եւ հաւատքի պաշտպանութեան ճամբուն վրայ, իմացականութեամբ իրենց կեանքը զոհաբերած ու նահատակուած են հայոց ազատագրական եւ հաւատքի բագինին վրայ, յետնորդ սերունդներուն պաշտամունքի առարկայ եւ օրինակ դարձած են:
Լուսահոգի մայրս ծնած էր Մուսա Լերան Քէպուսիէ գիւղը 1927-ին, նահապետական եւ Աստուածավախ ընտանիքի մը յարկին տակ: Ան երէց զաւակն էր Մուսա Լերան հերոսամարտին մասնակցած Սեդրակ Քէսապլեանի (ճանչցուած Թլեան ծածկանունով), եւ համագիւղացի Իսկուհի Դժխունեանի: Մայրս, թէեւ դպրոց յաճախելու պատեհութիւնը չէ ունեցած, սակայն՝ ան, ուշիմ, հեռատես, ազնուահոգի, ծառայասէր, հաւատացեալ եւ աւանդապահ կին ու մայր մըն էր: Ազգային արժէքները եւ քրիստոնէսական հաւատքը իրեն համար բացարձակ սրբութիւններ էին:
1950-ականներու աւարտին, մեր ընտանիքը բազմանդամ է: Կ՛ապրէինք Այնճար հայ գիւղաւանը: Այդ տարիներուն, ձմրան առատ ձիւն տեղալու պատճառով սոսկալի ցուրտ կ՚ընէր: Ցուրտէն պաշտպանուելու համար, լուսահոգի հայրս տան մէջ տեղադրած էր երկաթէ պատրաստուած, եւ թանձր քարիւղով այրող վառարան մը: Սուրբ Սարգիսի տօնը որ կը զուգադիպի Յունուար 11-էն Փետրրուար 15-ի միջեւ, եւ եղբօրս անունը Սարգիս ըլլալով, ամէն տարի առանց բացառութեամբ մայրս կը պատրաստէր Մուսա Լերան ժողովուրդին մօտ աւանդութիւն եւ սովորութիւն դարձած Սուրբ Սարգիսի «Քումպու» կամ «Քումպան»:
Տօնի նախօրեակ օրերուն, երեկոները ընթրիքէն ետք, վառարանին շուրջ գետին փռուած խսիրը որ ծածկուած էր կարպետով մը, որուն վրայ դրուած բազմոցներու վրայ հասակի կարգով ծալլապատիկ կը նստէինք մօրս շուրջ, եւ ուշի ուշով անոր շրթներէն կախուած հետաքրքրութեամբ, մտիկ կ՚ընէինք Սուրբ Սարգիս Զօրավարի ու իր զաւակին՝ Սուրբ Մարտիրոսի հէքիաթը, որ ինք լսած էր իր պապիկներէն ու մամիկներէն հետեւեալն է …..:
Իսթամպուլի թագաւորը ծանր յարձակումի մը ենթարկուելով դրացի ազգի մը կողմէ՝ հայերէն օգնութիւն կը խնդրէ: Օգնութեան կը փութայ Սարգիս Զօրավարը՝ քառասուն ընտրեալ հայ քաջերով: Կռիւը տեղի կ՚ունենայ, թշնամին կը պարտուի: Կայսրը կը հիանայ հայ քաջերու կատարած սխրագործութեան վրայ, հոգին կը խռովի ու ներքնապէս կը նախանձի: Կ՚որոշէ դիւային խաղով մը հայ քաջերը նոյն գիշեր իսկ սպաննել: Կը հրամայէ ամենագեղեցիկ ու հռչակաւոր 40 երգչուհի-պարուհիներ բերել, որոնք իրենց շնորհքներով եւ առատ գինիով թմրեցնեն զանոնք, եւ ապա դաշիւնահարեն: Հրահանգը կը կատարուի: Սակայն այդ պահուն Սարգիսի ընկերացող աղջկան ձեռքը կը դողայ, հոգին կը խռովի ու կ՛արտասուի, կը բռնէ Սարգիսին ուսերը ու կը ցնցէ զայն, մինչեւ որ սթափի: Երբ Սարգիս աչքերը կը բանայ՝ աղջիկը կը յայտնէ.-«Քեզ սպաննելու եկած էի, բայց հիմա քեզ փրկել կ՚ուզեմ, իրիկուան խրախճանքը թակարդ մըն էր քու եւ ընկերներուդ դէմ ուղղուած: Ընկերներդ մահացած են արդէն: Աճապարէ՚, փախինք այս անիծեալ քաղաքէն. սէրը կապեց զիս քեզի. քու անբաժանելի ընկերդ եմ ալ»: Սարգիս կը ցատկէ տեղէն, կը հասնի իր հրեղէն ձիուն մօտ, ետեւէն կը հասնի նաեւ գեղեցկուհին: Սարգիս կը բարձրանայ ձիուն վրայ, ապա, ձեռքը տալով աղջկան, կը տեղաւորէ զայն իր թիկունքին, կը խդանէ ձին, որ՝ արագ թռիչքով մը, կ՚անցնի պարիսպին վրայէն եւ կը սուրայ դէպի Սելեւկիա: Կարճ ժամանակ մը ետք, կը հասնին Մուսա Լեռ: Կը թառին Քէպուսիոյ հիւսիսակողմը գտնուող քսան մեթր բարձրութեամբ հսկայական ժայռի մը խորքին գտնուող սենեակի մը տարածութեամբ հարթ պատշգամով քարայրի մը առջեւ: Քարայրէն ներս խորան մը կը բացուի իրենց դիմաց, որուն առջեւ կեցած մոմ կը վառեն ու աղօթք կը մրմնջեն: Մայրս կը պատմէր.-«Քարայրը բարձրանալու համար կար տախտակաշէն շատ նախնական սանդուխ մը, որուն վրայէն վեր մագլցիլը իսկապէս որ քաջութիւն էր: Փայտաշէն սանդուխին արեւէն եւ անձրեւէն կրած աւերները մնացած էին անխնամ, եւ երբէք չէին վերանորոգուած, կը ճօճուէր անօրինական կերպով՝ երբ կը բարձրանայինք անոր վրայէն: Հակառակ այս բոլորին, անվախ քանի մը ընկերուհիներով, քանի մը անգամներ բարձրացած ենք հոն, աղօթք կը մատուցանէինք Սուրբին բարեխօսութեամբ Ամենակալ Աստուծոյ: Ժայռին աւելի բարձրադիր պատերուն վրայ, կը նշմարուին ձիու մը սմբակներուն հետքերը, զորս կը վերագրուի Սուրբ Սարգիսի հրեղէն ձիուն՝ երբ ան փախուստ կու տար անհաւատներու հետապնդումներէն:
Այդ օրէն սկսեալ բարձունքն ու քարայրը կը կոչուին «Սուրբ Սարգիսը սարբ եւ Սուրբ Սա՜գիսը մա՜ղա՜րու (Սուրբ Սարգիսի գահավէժ եւ Սուրբ Սարգիսի քարայր): Իրենց երկրորդ բնակարանը կ՚ըլլայ Եօղուն-Օլուգ գիւղի հիւսիսը գտնուող ուղղաձիգ ահաւոր զառիթափի մը կուրծքին գտնուող քարայրը: Սուրբ Սարգիսի յիշատակարանին ճիշդ դէմը, ձորին հանդիպակաց կողմը, անկանոն եւ խիտ փուսած թուփերուն եւ ծառերու պատճառով գրեթէ անտեսանելի մնացած փոքր քարայր մը կայ որուն յատակի՝առաստաղէն կաթիլ- կաթիլ իջնող ջուրերը ակի մը ձեւը տուած էին: Աւանդութիւնը այդ քարայրին մէջ նահատակուած կը նկատէ Սուրբ Սարգիսի զաւակը՝ Սուրբ Մարտիրոսը, որուն արիւնը կը խորհրդանշէր հոն հաւաքուած ջուրը:
Ամէն տարի Սուրբ Սարգիսի եւ Սուրբ Մարտիրոսի տօնին առիթով, ոչ միայն Մուսա Լերան վեց գիւղերէն, այլ եւ նաեւ Որոնդէսի հովիտով Մուսա Լերէն բաժնուած Կասիոս լերան փէշերուն թառած Քեսապի եւ շրջակայ գիւղերէն բազմահարիւր բարեպաշտ հայուհիներու կողքին, ուխտի կու գային նաեւ Ալեւիներ:
Սուրբ Մարտիրոսի նահատակուած քարայրին շուրջ գտնուող թուփերն ու ծառերը, կը զարդարէին գունաւոր քուրջի ծուէներով, եւ Սուրբ Մարտիրոսէն պահանջելով իրենց փափաքներուն իրականացումը:
Սուրբ Սարգիս՝ Մուսա-Լերան ժողովուրդին համար հիացումի ու ներշնչումի աղբիւր եղած է:
«Քումպու»ի կամ «Քումպա»ի Պատրաստութիւնը
Մայրս, Շաբաթ յետմիջօրէին դեղին կորեկի, կամ ցորենի ալիւրը թարմ կարագով խարկելէ ետք, խաղողի ռուպով կը շաղէր ու կը պատրաստէր անուշ խմորեղէն «Քումպու»ն կամ «Քուպան շուրջ 10 սմ. թանձրութեամբ եւ 40 սմ. շրջագծով անուշ խմորեղէն հաց մըն է, որուն վրայ մայրս մեր ընտանիքի անդամներու թիւով փոսիկներ կը բանար, եւ մեզմէ գաղտնի՝ կը տեղաւորէր այլազան գոյներով կոճակներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը խորհրդանշէր ընտանիքին պատկանող կալուածներէն կամ մեծարժէք ոսկեղեններէն մէկը: Իսկ ամենաարժէքաւոր խորհրդանշանը մետաղեայ դրամ մըն էր, որ ընտանիքին կեդրոնական բնակարանը ցոյց կուտար: «Քումպա»ն կը պատէր լըվակ կոչուած բոյսի մը լայն տերեւներով, որ եփելու ատեն չայրի: Ապա կը թաղեր զայն առատ մոխիրով եւ մոծիրներով կրակին մէջ՝ որ եփի: Մենք կը հաւատայինք որ նոյն հրեղէն ձիով Սուրբ Սարգիսը պիտի կոխկռտէ ամէն յարկի տակ միեւնոյն ձեւով պատրաստուած խմորեղէնի վրայէն, իր ձիու սմբակներուն հետքը թողելով անոր վրայ: Յաջորդ առաւօտ «քումպա»ն արդէն եփուած է, մայրս զայն կը հանէր կրակին վրայէն ու մեծ դանակով մը մեր ընտանիքի անդամներուն թիւին համապատասխան բաժիններու կը վերածէր, այնպէս որ իւրաքանչիւր կտորին մէջ խորհրդաւոր իրերէն մէկը պահուած է: Մայրս փոքր եղբօրս դէմքը պատին կը դարձնէր, ափսէին մէջէն բաժին մը դուրս հանելէ ետք հարց կուտար թէ որո՞ւ կը պատկանի այդ մէկը: Հերթով անունները կուտար եւ իւրաքանչիւրս կը փորձէինք մեր բաժինի կեդրոնի վրայ գոյութիւն ունեցող փոսիկին մէջէն դուրս բերել պահուած կոճակը, եւ մանաւանդ՝ մետաղէ դրամը: Իւրաքանչիւրս համաձայն մեր բախտին, սեփականատէր կը դառնայինք նշանակուած ստացուածքին, բայց մեր մէջ ամէնէն բախտաւորը կը նկատուէր մետաղէ դրամին տէրը, որ կը տիրանար բուն տունին:
hairenik weekly-Անդրանիկ Գարատօլեան