Շարժապատկերի Ցուցադրութիւն
Կազմակերպութեամբ՝ «Ս. Վարդարանի Տիրամայր» Հայ Կաթողիէ Ժողովրդապետութեան, Հովանաւորութեամբ՝ «Արեւ» ճաշարանի տնօրէնութեան և ներկայութեամբ ֆիլմին բեմադրիչին՝ Ջիւան Աւետիսեանի, Արցախեան շարժումին 29-րդ ամեակին առիթով, Երեքշաբթի 28 Փետրուար, 2017-ին ժամը 6:30ին տեղի ունեցաւ «Վերջին Բնակիչը» ֆիլմի ցուցադրութիւնը ճաշարան «Արեւ»ի սրահին մէջ:
Բացման խօսքը արտասանեց Տիկ. Արփա Անտոնեան: Ան ըսաւ, «Ողջունելի երեւույթէ Արցախեան շարժումին 29-րդ ամեակին առիթով Այնճարի մէջ հիւրընկալել «Վերջին Բնակիչը» ֆիլմին բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանը նման ակնյայտ Հայ արուեստագէտ»
Ֆիլմին միջոցաւ փոխադրուեցանք Արցախի գիւղերէն մէկուն մէջ և հանդիպեցանք Աբգարին և անոր դուստրին, Եուրգային, որոնք թշնամակալ օղակին մէջ մնացած էին բոլորովին առանձին:
Ֆիլիմի աւարտին գիւղիս քաղաքապետ,Վարդգէս Խօշեան ամբողջ Այնճարի ժողովուրդին կողմէ յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց բեմադրիչին իսկ Դոկտ. Հայր Մեսրոպ վարդապետ Թոփալեան շքանշանով մը պատուեց զայն: