Կանանց Միջազգային Օր
Կանանց միջազգային օրուան առիթով, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» (Այնճար) մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպեց հանդիսութիւն մը:
Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մատլէն Խօշեան, որ առիթը պատեհ նկատեց մատնանշելու, թէ գարնան ժամանումով, կանանց մեծարանքը, ուսուցիչներու յարմար գնահատականը եւ Մեծ Պահոց խորհուրդը կը միտին յաւելեալ արժեւորումի առիթ ստեղծել: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն: Որմէ ետք, դաստիարակչական յանձնախումբէն՝ ընկհ. Ռիթա Քիւսպէքեան ձեռնարկը վարեց ու հրաւիրեց Տէր Միւռոն քհն. Աւետիսեանը, որ իր խորհրդածութիւններուն ընդմէջէն ներկայացուց հայ կինը եւ կին սրբուհիները :
Քահանայ հօր խօսքէն ետք, խօսքը տրուեցաւ պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանին, որ Աւետարանին ընդմէջէն մատնանշեց Յիսուսի վերաբերմունքը իգական սեռին հանդէպ:
Ազգ. «Յառաջ- Գալուստ Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանի տնօրէն՝ պրն. Արմէն Թաշճեան անդրադարձաւ ազգային յեղափոխական եւ ինքնապաշտպանութեան շարժման մէջ նշանակալի դեր վերցուցած հայ կիներուն:
Աւարտին, Տոքթ. Խաժակ Այնթապեան շնորհաւորեց կանանց տօնը, մաղթեց ամենալաւը, ուժ, կորով եւ առողջութիւն:
ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Ցօղիկ Հաւաթեան խօսք առնելով, ակնարկեց կնոջ մայրանալու երեւոյթին, աստուածային պարտականութիւն համարեց, որ միայն կինը կրնայ զայն լիուլի պարգեւել ընտանիքին եւ շրջապատին: Ան դրուատեց ընկերուհիները, ձեռնարկի կազմակերպման աշխատանքներուն եւ յաջողութեան համար:
Անկասկած, որ ձեռնարկի միջոցին մերթ ընդ մերթ մատուցուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որ ներկայացուցին Սահակ Պէրպէրեան, Րաֆֆի Թասլաքեան, Ազատուհի Քէշիշեան եւ Արփա Անտոնեան:
Հիւրերուն ուղղուած շնորհակալական խօսքով ձեռնարկը աւարտեցաւ: Պահքի յատուկ հիւրասիրութենէն ետք, ներկաները քաղաքապետութեան կողմէ յատկացուած ծաղիկի թաղարներով սրահէն մեկնեցան, ուրախ տրամադրութեամբ: