«Կեանք ու Կռիւ» Ֆիլմի Ցուցադրութիւն
Կազմակերպութեամբ` Լիբանանի «Արցախ» Ֆոնտի յանձնախումբին, գործակցաբար` Այնճարի «Արցախ» Ֆոնտի յանձնախումբին, Կիրակի 19 Մարտ 2017-ին, Կ.Ե. ժամը 4:00-ին, Այնճարի «Ս.Պօղոս» եկեղեցւոյ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կեանք ու Կռիւ» թիւ 1 և 2 ֆիլմերու ցուցադրութիւն, բեմադրութեամբ Մհեր Մկրտչեանի:
Սոյն ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց յանձնախումբի անդամ` Տիկ. Լենա Սթամպուլեան, ուր ան անդրադաձաւ զոյգ ֆիլմերու զանազան մրցանակներուն մասին, և ապա ան բեմ հրաւիրեց հայրենիքէն ժամանած, «Կեանք ու Կռիւ» թիւ 2 ֆիլմի գլխաւոր դերակատարներէն` դերասան Շանթ Յովհաննիսեանը ու ֆիլմերու արտադրութեան «Sharm Holding» ընկերութեան ներկայացուցիչ` Իզապելա Մանասարեանը և Լիբանանի «Արցախ» ֆոնտի յանձնախումբի անդամ` Պրն. Զաքար Քէշիշեանը, ուր անոնք ամփոփ ձեւով ներկայացուցին ֆիլմերու բովանդակութիւնը:
Ապա բեմ բարձրացաւ Այնճարի «Արցախ» ֆոնտի յանձնախումբի ատենապետ` Պրն. Ժանօ Փամպուքեան, ուր յուշանուէրով և ծաղկեփունջով պարգեւատրեց դերասանն ու ֆիլմի արտադրութեան ընկերութեան ներկայացուցիչը:
Ֆիլմի աւարտին տեղի ունեցաւ վաճառք Արցախի կանանց համագործակցականի արտադրութիւններու, որուն նպաստը պիտի յատկացուի Արցախի բարգաւաճման և ամրապնդման ծրագիրներուն: