Հոգեհանիգստ ննջեցեալ Քահանաներուն և Լ.Օ.Խ.-ական Ընկերուհիներուն:
Կիրակի՝ 23 Ապրիլ 2017-ին, Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, ի յիշատակ Այնճարի ննջեցեալ Քահանաներուն և Լ.Օ.Խ.-ական ընկերուհիներուն:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ յատուկ աղօթք քահանաներուն դամբարաններուն շուրջ որմէ ետք հաւատացեալ ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահ ուր Տէր Միւռոն Քհնյ. Աւետիսեան, գիւղիս քաղաքապետ՝ վարդգէս Խօշեան և Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Ցօղիկ Հաւաթեան Խօսք առին յաջորդաբար փոխանցելով, իրենց յարգանքը և երախտագիտութիւնը Լ.Օ.Խ.-ի անցեալի ու ներկայ ընկերուհիներուն և իրենց կատարած աշխատանքին: