Ապրիլեան Եղեռնի 102-Ամեակի Հսկում
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին, Կիրակի 23 Ապրիլ 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան եղեռնի 102-ամեակի հսկում:
Հսկումին առաջին բաժինը տեղի ունեցաւ «Հետուիկ» սրահին մէջ: Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով, որմէ ետք ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի խօսքը արտասանեց ընկ. Կարէն Անտոնեան: Ան ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել յիշատակը Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն:
Ընկ. Կարէն ըսաւ: «Հայ ժողովուրդի կոտորածները կը կազմէին Օսմանեան պետութեան Հայաստանը հայաթափ ընելու քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնը, բայց դիւային այդ ծրագրիրին գործադրութիւնը գլխաւորաբար սկսաւ 1915 Ապրիլ 11-14 ձերբակալութիւններով ու սպաննութիւններով արեւմտահայ գրողներու, բանաստեղծներու, արուեստագէտներու, գիտնականներու, քաղաքական և կուսակցական ղեկավարներու և մանաւանդ երիտասարդ խաւին: Այդ դէպքերուն անմիջապէս յաջորդեցին քաղաքներէն և գիւղերէն հայ բնակիչներուն տեղահանումը և բնաջնջումը: Մէկուկէս միլիոնէ աւելի նահատակ արեւմտեան Հայաստանի կորուստ մարդկային, հողային ու մշակութային իմաստներով: Այսօր ճիշդ է ,որ անցած են 102 տարիներ այդ անմարդկային ու հայասպան ոճիրէն, բայց մեր սրտերուն խոր ու ցաւոտ վէրքերը կը շարունակեն արիւնիլ: Հարկ է սակայն միաժամանակ հաստատել որ մեր նախահայրերու սխրագործութիւնը Մուսա Լերան հերոսամարտով, նաեւ կու գայ ապացուցել, թէ հայ ազգը չի խոնարհիր թշնամիին, այլ խիզախօրէն կը դիմադրէ անոր:»
Ընկեր Անտոնեան կոչ ուղղեց հայ երիտասարդները պահել մեր լեզուն, մեր գիւղերն ու պատիւը, անոնք պիտի պաշտպանեն ու վերջ դնեն բոլոր յոռի երեւոյթներուն:
Բացման խօսքին յաջորդեց Այնճարի Հայ Աւետարանական երկրորդական վարժարանի «Նայիրի» երգչախումբի ելոյթը` խմբավարութեամբ Նեկտար Փալազեանի, երգեցին «Մայր Հայրենիք» երգը: Ապա բեմ բարձրացան Աւետարանական դպրոցի նուագախումբը որոնք ներկայացուցին Արթուր Մեսչյանի «Աշխարհի ցաւով» երգը: Որմէ ետք Նազանի Ադամեան և Նարէ Փիլաւճեան ասմունքեցին Յովհաննէս Շիրազի «Ամենայն Սրտով» հատորը:
Օրուան բանախօս Դաւիթ Գազանճեան ըսաւ թէ: «19.րդ դարու վերջին տարիներուն հայ ժողովուրդը ապրեցաւ յեղափոխական զարթոնք: Այդ տարիներուն ծնունդ առին հայկական կուսակցութիւնները, որոնց հիմնական դերը եղաւ կազմաւորել և համախմբել ցանցօրէն գործող հայկական տարբեր ինքնապաշտպանական աշխատանքներ տանող խմբաւորումները: Զուգահեռ, Օսմանեան կայսրութիւնը արդէն իսկ սկսած էր իր հեռակայ ծրագրի իրականացման առաջին աշխատանքներուն: Երկրին մէջ արդէն արիւնահեղութիւնը սկսած էր:»
Գազանճեան շարունակեց ըսելով:«Օսմանեան կայսրութեան գերագոյն նպատակն էր կազմել բանթուրանական մեծ պետութիւն մը, զուրկ այլ ազգերէն և կրօններէն: Այս ծրագրի իրականացման գլխաւոր խոչընդոտը կը հանդիսանար հայ ժողովուրդը: Ժողովուրդ մը որ կառչած է իր հողին ու արմատներուն, ժաղովուրդ մը որ գիտէ ստեղծագործել, պայքարիլ և գոյատեւել: Պէտք էր տեղ մը սկսիլ, հայ ժողովուրդի միտքն ու հոգին զարգացնող մտաւորականութիւնը մէկ գիշերուայ մէջ վերացան: Սիամանթոն իր աչքերով տեսաւ և ապրեցաւ այն կարմիր լուրերը որ լսած էր բարեկամէն, անոր հոգեվարքի ջահը մարեցաւ, բայց անմար մնաց յոյսի ջահը: Դանիէլ Վարուժան ապրեցաւ սարսուռներ, լսեց հեթանոս երգեր, բայց չկրցաւ ունկենդրել հային երգը, ան նահատակուեցաւ իմանալով թէ ցեղին սիրտը պիտի չմեռնի: Իսկ Գրիգոր Զոհրապը պիտի չտեսներ այլեւս ծանօթ դէմքէր և ոչ ալ զրուցեր Եւրոպայի ուղեւորներու հետ: 100 տարի առաջ ուզեցին տկարացնել և քարտէսէն ջնջել Հայստանը, սակայն այսօր ան աւելի ուժեղ է շնորհիւ իր աշխարհասփիւռ հայութեան, որոնք հասակ առին օտար ափերու մէջ և գիշեր ցերեկ կ'աշխատին հանուն հայ դատին, հանուն հայրենիքին և հայ ժողովուրդի արդար բոլոր իրավունքներու վերատիրացման:»
Գազանճեան իր խօսքը շարունակեց ըսելով թէ 100 տարի առաջ թուրքերը ուզեցին ճզմել, մարել և բնաչնչել Հայ ժողովուրդը, սակայն շյաջողեցան, Վարուժանի, Զոհրապի ու Մաշտոցի զաւակները ոտքի ելան պահնջատիրութեան հոգիով:
Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով: «Մինչեւ այն ժամանակ որ պահանջատէր երիտասարդներ ունի մեր աւգը, մեր դատը անմար կը մնայ և ջահը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ:»
Այնուհետեւ, ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան պատանիները ներկայացուցին Հայ ազգի պահանջատիրութիւնը և պայքարը խորհրդանշող կենդանի պատկեր մը:
Որմէ ետք, Ազգային Յառաջ – Գ. Կիւլպենկեան երկրորդական վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին պար մը:
Ապա տեղի ունեցաւ տեսաերիզի ցուցադրութիւն Այնճարի Հայ կաթողիկէ քոյրերու վարժարանի կողմէ:
Հսկումի պաշտօնական բաժինը աւարտեցաւ «Պիտի Գնանք Վաղ թէ Ուշ» երգով որ ներկայացուց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի ընկեր, ընկեր Համբիկ Յովսէփեան:
Ներկաները սրահէն դուրս գալով ականատես եղան կրակով ներկայացուած հատուցման ժամուն:
Հսկումը շարունակուեցաւ քայլարշաւով: Հոծ բազմութիւնը առաջնորդութեամբ շեփորախումբին եւ ԼԵՄ-ական ու պատանի ջահակիրներուն ուղղուեցաւ դէպի Մուսա լերան յուշահամալիր, ուր ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին կողմէ:
Հսկումը աւարտեցաւ աղօթքով` գիւղի հոգեւոր հայրերուն կողմէ: