Լուրերու Արխիվ

tampanagan khachig

ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» Կոմիտէին Անունով Յակոբ Այնթապլեանի Արտասանած Դամբանականը` ԸՆԿ. ԽԱՉԻԿ ՊԱԳԳԱԼԵԱՆԻ Յուղարկաւորութեան։

Ընկ. Խաչիկ Պագգալեանի ծնունդը կը զուգադիպի 1942 թուականին ,երբ Մուսալեռցիները որպէս գաղթական կը ժամանէին Պէքաայի այս անշուք անկիւնը եւ հիմը կը դնէին նոր Մուսալեռ Անճարին`աւելի քան հազար զոհ տալով մալարիային, փորառութեան եւ բնութեան խիստ պայմաններուն...

Ընկ. Խաչիկ Պագգալեան աչքը կը բանար ինչպէս Եդուարդ Պօյաճեան կ՛ըսէ "Շատ գէշ տեղ մը եւ շատ գէշ թուականի մը"...

Ան իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Այնճարի Ազգ. "Յառաջ" եւ միջնակարգ`Այնճարի հայ Աւետ. Երկր. վարժարաններուն մէջ։ Տակաւին մանուկ պատանի կը թրծուի ազգային հայրենասիրական եւ դաշնակցական ոգիով ,որ նաեւ իր ընտանիքի տիրական մթնոլորտն էր....

Ինք հասակ առած էր ընկ.Թադէոս Պագգալեանի հովանիին տակ որ ժամանակի պատասխանատու անձնաւորութիւններէն էր։

Ընկ.Խաչիկ առիթ չէր ունեցած բարձրագոյն կրթութեան հետեւելու, սակայն ինքնաշխատութեամբ ձեռք բերած էր գիտելիքներու լայն պաշար եւ հայերէնի կողքին տիրապետած էր արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներուն։

Փոքր տարիքէն մաս կազմած էր ՀՅԴ"Յառաջ" պատանեկան միութեան ապա փոխանցուելով ՀՅԴ շարքերը ստանձնած էր այլազան բնոյթի պարտականութիւններ `մաս կազմելով կոմիտէի յանձնախումբերուն ազգ. վարժարանի խնամակալութեան եւ որպէս Ազգ.երեսփոխան երկար տարիներ Այնճարի հայութիւնը ներկայացուցած էրԱզգ.ժողովներուն եւ իշխանութեանց մօտ.....

Ան աշխոյժ գործունէութիւն ունեցած էր նաեւ Անճարի Միջազգային Փառատօնի յանձնախումբին մէջ իր դրական ներդրումը ունենալով հոն։

Ան բազմաթիւ անգամներ մաս կազմելով ՀՅԴ "ԿԱՐՄԻՐ ԼԵՌ" կոմիտէի կազմին ստանձնած էր նաեւ ներկայացուցիչի պարտականութիւնը Լիբանանի քաղաք. պատերազմի նախօրեակին։ Բազմիցս մաս կազմած է նաեւ ՀՅԴ Լիբ. շրջ. Ժողովներու որպէս շրջանէս պատգամաւոր.

Նկարագրով եղած է խստապահանջ դաշնակցական ծառայասէր եւ բծախնդիր իր ստանձնած բոլոր պարտականութիւններուն մէջ։

Ան հիմնադիր անդամներէն եղած էր Այնճարի համազգայինի "Պարոյր Սեւակ"

մասնաճիւղին եւ իր ծառայութիւնը տարածած էր նաեւ կրթական եւ մշակութային բնագաւառէն ներս.

Ընկ. Խաչիկ գործակցած էր սփիւռքի ականաւոր ղեկավարներէն ընկ.Սարգիս Ջէթլեանին հետ եւ մտերիմ ընկերն էր Այնճարի նահատակ ընկ.Զաւէն Թաշճեանին...

Իր կեանքի ուղին եղած է բազմաբնոյթ նախ`աշխատելով Այնճարի պարտէզներուն մէջ. Ապա նաեւ եղած է Ֆրէյժի հաստատութեան ագարակներու ընդհանուր տնօրէն։

Հայաստանի անկախութենէն ետք ընկ. Խաչիկի հայրենասիրութիւնը զինք մղեց Հայաստան ուր աւելի քան 7_8 տարիներ պաշտօնավարեց գիւղատնտեսական արտադրութիւններ ներածող ընկերութեան մը մէջ որպէս գործադիր տնօրէն։

Այս նոյն ժամանակամիջոցին ընկ.Խաչիկ իր ողջ կարելիութիւնները ի գործ դրաւ օգտակար հանդիսանալու շատ մը կարօտեալ ընտանիքներու։

Ռոզիկ Սէպէեանին հետ ամուռ ընտանիք կազմելով ծնունդ տուին Թադէին եւ Թալինին որոնք հասակ առին հարազատ Մուսալեռցիական դաշնակցական մթնոլորտի մէջ միշտ պատրաստ ըլլալով ծառայելու ազգին եւ հայրենիքին։

Անվարան կարելի է ըսել որ Անճարի վերջին յիսուն տարիներու պատմութեան մէջ ընկ. Խաչիկ Պագգալեանի ներդրումը եղած է զգալի գիւղի մշակութային կրթական կուսակցական եւ մանաւանդ ապահովական բնագաւառներէն ներս։

Այսօր հողին կը յանձնենք մեր երէց դաշնակցականներէն այն ընկերը որ գիտէր քաջաբար դիմադրել բոլոր փորձութիւններուն եւ անձնական օրինակով ցոյց տալ երիտասարդ սերունդին ազգասիրութեան հայրենասիրութեան եւ անշահախնդիր ծառայութեան ուղին։

Ընկ.Խաչի՛կ

Յարգանք վաստակիդ ու յիշատակիդ.

Յանուն ՀՅԴ "ԿԱՐՄԻՐ ԼԵՌ" կոմիտէին եւ կոմիտէութեան բոլոր ընկերներուն ցաւակցութիւն կը յայտնեմ `տիկնոջդ զաւակներուդ ընտանեկան պարագաներուդ եւ բարեկամներուդ` խոստանալով որ ձեր սերունդի աշխատանքը շարունակել նոյնքան վճռական եւ աննահանջօրէն....

Հողը թեթեւ գայ վրադ`

Սիրելի ընկեր

?>