Դասախօսութիւն՝ «Հայ կնոջ ներկայի մարտահրաւէրները» նիւթով
Լ.Օ.Խ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 28 Ապրիլ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն՝ «Հայ կնոջ ներկայի մարտահրաւէրները» նիւթին շուրջ:
Բացման խօսքը կատարեց ընկհ. Քնար Գամպէրեան, ապա հրաւիրեց օրուան դասախօս՝ ընկհ. Սօսէ Ճինպաշեանը:
Ան նախ տուաւ հայ կնոջ պատմականը, որ դարեր շարունակ պայքարած է ընտանիքը պահպանելու և հայ ազգի գոյատեւման նպաստելու համար, ապա անդրադարձաւ անոր բացառիկ կարողութեան, տոկունութեան, աշխատասիրութեան, մարտունակութեան և պարկեշտութեան, հակառակ իր կրած դժուարութիւններուն: Դասախօսը յիշեց հեթանոսական շրջանի դիցուհիներ՝ «Անահիտ»ը, «Նանէ»ն, «Աստղիկ»ը և անոնցմէ մեզի հասած նկարագրի որոշ գիծերը: Ան հաստատեց, թէ հայ կինը ստրկութեան դարերուն, երբեք չէ ծախուած իբր ստրուկ:
Ընկհ. Ճինպաշեան, օրուան նիւթը շարունակելով յայտնեց, թէ հայ կինը եղած է ամուսինն ու զաւակը ուղղողը դէպի պատերազմի ճակատ: Ապա վեր առաւ ներկայի հայ կնոջ դիմագրաւած դժուարութիւնները:
Տրուած ըլլալով, որ օրուան դասախօսը ապրած է տարբեր երկիրներու մէջ և ունեցած ուսուցչութեան և Հ.Օ.Մ ի մէջ փորձառութիւններ, կատարեց կենդանի մէջբերումներ:
Աւարտին, շեշտը դրաւ Մայրենի լեզուն անաղարտ պահելու հրամայականին վրայ եւ խօսքը աւարտեց Զարեհ Խրախունիի հետեւեալ խօսքերով.
«ՔՈՎ ՔՈՎԻ, ՁԵՌՔ ԵՐԿԱՐԵԼ ԻՐԱՐՈՒ, ԹԵՒ ԱՆՑԸՆԵԼ, ԹԻԿՈՒՆՔ ՏԱԼ, ՃԱԿԱՏ ԲՌՆԵԼ, ԿՈՒՐԾՔ ԲԱՆԱԼ, ԸԼԼԱԼ ԱՆՏԱՌ ԱՆՎԵՀԵՐ, ՈՒ ԱՏԵՆԻՆ ԿԱՆԱՉԵԼ ԾԱՂԿԻԼ, ԲԱՑՈՒԻԼ ԱՄԵՆՈՒՆ, ԲԵՂՄՆԱՒՈՐՈՒԻԼ ԱՌԱՏԱԳՈՅՆ, ԲԱԶՄԱՆԱԼ, և ԱՏԵՆԻՆ ՏԵՐԵՒ ԹԱՓԵԼ, ՉՈՒՇԱՆԱԼ ՓՉՈՒՄԻՆ ԴԷՄ, ՓՇԱԶՐԱՀ ԲՌՈՒՆՑՔԻ ՊԷՍ ՍԵՂՄՈՒԻԼ, ՊՈՂՊԱՏԻ ՊԷՍ ԱՄՐԱՆԱԼ»:
Մասնաճիւղի անունով յուշանուէր մը յանձնուեցաւ օրուան դասախօսուհիին: