Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. Այնճար Ամիթի Հանդիսացաւ Ախոյեան
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու – ուու շուի ֆետերասիոնին, կիրակի, 21 մայիսին, «Փլաթէա» դաշտին վրայ (Ժունիէ) տեղի ունեցան թաու լուի մրցումները:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին Անթունիէ Պաապտա, Պել Հորիզոն, Սանթրալ Ժունիէ, «Էս. Էֆ.», Այնճար Ամիթի, Շիահ եւ Հայ սեւ գօտիներու միութիւն:
Տիրանալով 14 ոսկի, 12 արծաթ ու 8 պրոնզ մետալի եւ ապահովելով 182 կէտ, Այնճար Ամիթի հանդիսացաւ ախոյեան: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Անթունիէ Պաապտա (152 կէտ) եւ «Էս. Էֆ.» (115):
Այնճար Ամիթիի համար մետալներ ապահովեցին Աննա Հերկելեան, Անի Գազանճեան, Արինա Աբրահամեան, Փաթիլ Թասլաքեան, Գետակ Այնթեպլեան, Ճէյսըն Աբիկեան, Վարդան Աւեսեան, Յարութ Տեմիրճեան, Միքայէլ Մարտիկեան, Ալեքս Քապաքեան, Հալա Աժամի, Ժատ Աժամի, Ռուբէն Քիւրտեան, Սոֆի Գալուստեան, Վարանդ Անտոնեան, Անթոնի Արզումանեան եւ Սերօ Գալեմքէրեան:
Անոնք իրենց մարզիչ ունէին Սարին Փալուլեանը, Սօսէ Գազանճեանը եւ Յարութ Վարդանեանը: